ԹԵՀՐԱՆ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Իրան իր հիւլէական թղթածրարին շուրջ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ հետ բանակցութիւնները կ՛ուզէ կատարել ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ Իրաքի մէջ՝ Ապրիլ 14ին:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարի յայտնած է, որ Իրան արդէն այդ նպատակով առաջարկ մը ներկայացուցած է Պաղտատի: «Իրանի կողմէ առաջարկը այսօր (Ապրիլ 4) եկաւ, եւ այսօր մենք հաւաքի մասնակից երկիրներու դեսպաններուն հետ պիտի հանդիպինք եւ առաջարկը նամակով պիտի փոխանցենք», ըսած է ան: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Իրան իր այցելութեան ընթացքին առաջարկած էր հանդիպումը կատարել Պոլսոյ մէջ, սակայն Թեհրան որեւէ պատասխան չէր տուած: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ իրենք կը նախատեսեն, որ հանդիպումը տեղի ունենայ Ապրիլի 13-14ին, Պոլսոյ մէջ, սակայն բանակցութիւնները Թուրքիոյ մէջ կատարելու դէմ արշաւ մը սկսած է իրանցի շարք մը բարձրաստիճան ղեկավարներու կողմէ, յատկապէս Պոլսոյ մէջ Ապրիլ 1ին կայացած «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խորհրդաժողովին պատճառով, որ ըստ իրանցի ղեկավարներու՝ յստակօրէն ցոյց տուած է, թէ «Թուրքիա կ՛իրագործէ Արեւմուտքի եւ Իսրայէլի քաղաքականութիւնը»:
Թուրքիոյ հասցէին մեղադրանքներ կատարողներուն մէջ եղած են Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի, խորհրդարանի Արտաքին հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Ալաատին Պուրուճերի եւ պաշտպանութեան նախարար Ահմատ Վահիտի, որ ըսած է, թէ Պոլսոյ ժողովին մասնակիցներուն նպատակը շրջանին մէջ կրօնական պատերազմ յառաջացնելն է:
Այս քննադատութեանց պատճառով, Հինգշաբթի, Ապրիլ 5ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Իրանի դեսպանը, որմէ յստակացումներ պահանջուած է Անգարայի հասցէին կատարուած մեղադրանքներուն կապակցութեամբ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու նաեւ յայտնած է, թէ այս գծով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Իրանի իր պաշտօնակիցին՝ Ալի Աքպար Սալեհիի հետ, որ վստահեցուցած է, թէ Թուրքիոյ վերաբերեալ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները Թեհրանի պաշտօնական քաղաքականութեան մաս չեն կազմեր, եւ աւելցուցած է, թէ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մասին պաշտօնական յայտարարութիւններ կրնան ընել միայն նախագահը, արտաքին գործոց նախարարը եւ գերագոյն կրօնապետը: