ՀԱԼԷՊ.- Հովանաւորութեամբ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի, 25 Մարտին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Հայ տպագրութեան 500ամեակին:
Հալէպահայ մտաւորական Միհրան Մինասեան ներկայացուց միջազգային տպագրութեան սկզբնաւորումն ու անցած ուղին, ապա ներկայացուց կենսագրականները Յակոբ Մեղապարտի եւ Աբգար դպիր Թոխաթեցիի, որոնց գիրքերուն օրինակներէն նմոյշներ ցուցադրուեցան պաստառի վրայ:
Պետրոս արք. Միրիաթեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը բաժնուած է երկուքի՝ պատերազմի եւ խաղաղութեան: Պատերազմի շրջանին սուր կը վերցնէին պահպանելու համար հայրենիքը, իսկ խաղաղութեան շրջանին զարկ կու տային գրիչին: Ան շեշտեց, որ այսօր եւս կը շարունակուի գիրի պայքարը՝ պահպանելու համար մեր նիւթական արժէքները: Ապա ան պարգեւատրեց օրուան բանախօս Միհրան Մինասեանը Կիւթեմպերկի Աստուածաշունչի տպագրութեան առաջին օրինակով: