
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4ի յետմիջօրէի ժամը 4-7:30 տեղի ունեցան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած նախակրթարանի 4րդ, 5րդ եւ 6րդ դասարաններու աշակերտութեանց հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն ընթերցանութեան մրցանքները:
Հայկական վարժարաններու ուսուցիչներէ բաղկացած դատական կազմերը հաստատեցին, որ մասնակցող աշակերտներուն մօտ ակներեւ էր բոլոր լեզուներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը՝ աւելցնելով, որ լաւ ընթերցող աշակերտներուն թիւը բաւական մեծ եղած է:
Աւարտին «Ազդակ»ի հետ զրոյցի ընթացքին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան հաստատեց, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ անպայման կը նպաստեն աշակերտութեան մօտ ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան ընդարձակման, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց դատական կազմի անդամներուն, ուսուցչական կազմերուն եւ ծնողներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպողներուն, որոնց հաւաքական աշխատանքին արդիւնքն էր աշակերտներու այս համախմբումը:
Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին հաստատութիւնը մանկապատանեկան գրականութեան քաջալերման ու տարածման համար նկատի պիտի ունենայ նոր ծրագիրներ, որոնց ծրագրումը արդէն ընթացքի մէջ է:
Մրցանակաբաշխութիւնը եւ եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենան Երկուշաբթի, 9 Ապրիլին: