ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «The Silence» («Լռութիւնը») ներկայացումը Նիւ Եորքի մէջ պիտի բեմադրուի Մայիս 4ին: Ըստ Broadwayworld.com կայքին՝ ներկայացումը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած կնոջ մը մասին, որ բռնած է գաղթի ճամբան՝ պահպանելու համար իր ընտանիքը եւ հայկական ժառանգութիւնը:
«Լռութիւնը» լոյս կը սփռէ այն պատմութիւններուն վրայ, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք անցած 100 տարիներուն ընթացքին: «Անիկա կարծես ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ճիչը, որ կ՛արթնցնէ պատմութեան «լռութիւնը»: Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, ժամանակն է աշխարհին տեղեկացնելու, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի ունեցած է», կը գրէ Broadwayworld.com-ը:
Այս ուղղութեամբ, Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Թուրք լրագրող եւ գրագէտ Ուլուչ Կիւրքան հաղորդած է, թէ հայկական Սփիւռքը կը շարունակէ «ցեղասպանութեան» միջազգային ճանաչումը ապահովելու աշխատանքները։ Այդ ծիրէն ներս, յառաջիկային, Պրատուէյի մէջ պիտի սկսի ներկայացուելու «Լռութիւն» անուն թատերախաղը, որուն թեման 1915ի Ցեղասպանութեան պնդումներն են։
Թատերախաղը գրի առնուած է Հրանդ Մարգարեանի կողմէ, իսկ բեմադրիչն է Քեվըն Թոմփսըն։ Ըստ Կիւրքանի՝ սփիւռքահայութիւնը, որ 1915ի դէպքերու հարիւրամեակին առթիւ նախապատրաստութիւններ կը տեսնէ, ամէն բնագաւառի նման, արուեստի մարզէն ներս ալ կը ջանայ «իրականութիւնը խեղաթիւրել»։
«Միւս կողմէ՝ կը նշուի, որ Ուլուչ Կիւրքան վաղը երեկոյեան (Ուրբաթ, Ապրիլ 6ին) Պուրսայի մէջ բանախօսութիւն մը պիտի սարքէ Հայկական հարցին մասին, ինչպէս նաեւ փափաքողներուն պիտի ստորագրէ իր նորատիպ հատորը՝ «Հայկական հարցը հասկնալ. նախապաշարումները յաղթահարել եւ ձերբազատիլ ատելութենէն»», կը գրէ «Մարմարա»։
«Լռութիւնը» թատերախաղին ներկայացումը Պրատուէյի թատրոնին մէջ պիտի շարունակուի մինչեւ Մայիս 24: