Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պոլսահայ միութեան գործադիր մարմինի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց անոր համար որ այդ օրը Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը դարձեալ իր յիշատակելի օրերէն մէկը ապրեցաւ՝ Միութեան նորակառոյց շէնքին մէջ առաջին անգամն ըլլալով այսպիսի խուռն բազմութեամբ ձեռնարկով մը ներկայանալով՝ վայելելու համար պոլսահայ ծանօթ երգչուհի Սիպիլի հայերէն երգերու ճոխ փունջը, ընկերակցութեամբ տաղանդաւոր դաշնակահար Պուրակ Պետիքեանի եւ ծանօթ ֆիլմարտադրիչ Էրիք Նազարեանի՝ մրցանակակիր «Պոլիս» ժապաւէնի բեմադրիչին, որոնք հայ ազգին պատիւ բերող արուեստագէտներ են: Տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեան իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց սոյն ձեռնարկը իրականացնող միութեան տարբեր յանձնախումբերու գործակցութեան առթիւ: Ապա բեմ հրաւիրեց այդ գիշերուան հանդէսի երկու խօսնակները՝ Պոլսահայ միութեան Երիտասարդաց յանձնախումբի փոխատենապետուհի Նիքոլ Պերքշանլար եւ ԵԱՆ (Հայ Երիտասարդներու Համացանց) յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Սեւակ Շիրվանեան, որպէսզի ներկայացնեն օրուան յայտագիրը: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ձեռնարկը հովանաւորողներուն, ծանօթացուցին հիւրերը, որոնց կարգին էին Քալիֆորնիոյ Բարձր ատեանի նախկին դատախազ Արման Արապեան, Բարձր ատեանի դատաւոր Զաւէն Սինանեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայկական Հիմնադրամի ատենապետ Արա Ակիշեան եւ ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան փոխատենապետուհի Գարմէն Լիպարիտեան: Նիքոլ բարձր կորովով եւ սրամտութեամբ նաւարկեց հանդիսավարի իր դերին մէջ, իսկ Սեւակ լուրջ ձեւով վարեց երեկոն՝ ծանօթացնելով ու հրաւիրելով օրուան երգչուհին՝ Սիպիլը, ու տաղանդաւոր դաշնակահար Պուրակ Պետիքեանը:
Բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ հանրածանօթ բեմագիր եւ բեմադրիչ Էրիք Նազարեանը, որ իր հակիրճ կենսագրականը ինչպէս նաեւ իր պատրաստած «Պոլիս» խորագիրով շարժապատկերին մասին կարճ բացատրութիւն մը տուաւ, ապա 20 վայրկեան տեւողութեամբ ցուցադրուեցաւ ֆիլմը, որ ամբողջովին նկարահանուած է Պոլսոյ մէջ եւ կ՛առնչուի Ցեղասպանութենէն վերապրողի մը թոռնիկին Պոլիս այցելութեան՝ իր մեծ հօր հետքերը գտնելու նպատակով, եւ այդ «վերադարձ»ին առնչուած հոգեբանական բարդութիւններուն:
Էրիք Նազարեան ներկայացուց շարժապատկերը պատրաստելու շարժառիթը՝ ըսելով, թէ անոր մղիչ ուժը եղած էր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը՝ Պոլսոյ երաժշտական կեանքին մէջ հայութեան բերած կարեւոր ներդրումը լուսարձակի տակ առնելու փափաքին կողքին: Շարժապատկերը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կը քննէ հայ երաժիշտի մը եւ հնութիւններ ծախող թուրքի մը միջեւ ստեղծուած կապին միջոցաւ: «Պոլիս» կարճ շարժապատկերը վերջերս շահած էր «Արփա» շարժապատկերի փառատօնի «Լաւագոյն կարճ շարժապատկեր»ի մրցանակը:
Ապա բեմ բարձրացաւ Պոլսահայ միութեան հոգաբարձական մարմինի ատենապետ եւ Իրաւաբաններու միութեան կաճառի ատենապետ Էտուին Մինասեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց կազմակերպման համար նման գիշերուայ մը, որ միացումն էր երգարուեստին եւ հայ մշակոյթի կեդրոն Պոլիսին: «Թէեւ անցեալին մեր մշակոյթը բնաջնջուեցաւ, սակայն մեր հայրենիքին մէջ անոր պլպլացումները սկսած են լուսաւորուելու, Հայ մշակոյթը դարձեալ հեռանկարի վրայ է եւ Հրանդ Տինք աւելի եւ աւելի կը ծաղկի», ըսաւ ան:
Իրաւաբան Մինասեան բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս երեկոն տարբեր է: Մենք բազում ձեռնարկներու ներկայ եղած ենք, այսօր զգացինք՝ ինչպէս Պոլսոյ մէջ ըլլանք: Պոլսոյ թաղերուն մէջէն քալելով, զգալով ձայնը, արձագանգումը, մեր հայրերուն խօսքը, նոյն զգացումը ունեցանք մեր մէջ՝ ամփոփուած պայթուցիկ կերպով, այս երեկոյ այս շարժապատկերին ընդմէջէն անգամ մը եւս եկաւ եւ հաղորդութիւն դարձաւ մեր մէջ՝ պատմութեան զգացումով: Այս շարժապատկերին ընդմէջէն այլ պատգամներ կու գան մեզի՝ արդարամտութեան եւ պահանջատիրութեան մէջ դնելով մեր ժողովուրդը. նոյնինքն ասոր մէջէն է որ հայ մարդը այսօրուան կեանքի իրականութեան մէջ կրնայ յաջողիլ իր արուեստով, իր գրականութեամբ, եւ մեր պարտքն է ոչ միայն հարստանալ, այլ՝ գործնական կերպով ցոյց տալ եւ տեսիլքներու զօրակցութեամբ ցոյց տալ, որ անոր երազները եւ տեսիլքները մե՛ր երազը եւ մե՛ր տեսիլքը պիտի դառնան: Աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ մնաք քաջ եւ հպարտ»:
Սրբազանը գնահատանքի խօսք ուղղեց Պոլսահայ միութեան, նման միջոցառում մը կազմակերպած ըլլալուն համար՝ հանրութեան ցոյց տալով «Պոլիս» շարժապատկերը:
Ապա ան Պոլսահայ միութեան կողմէ գնահատանքի յուշանուէրներ յանձնեց, Սիպիլին, Պուրակ Պետիքեանին եւ Էրիք Նազարեանին, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Միութեան տիկնանց եւ ընկերային ձեռնարկներու յանձնախումբերուն: Իսկ բեմադրիչ Էրիք Նազարեան, իր կարգին, Գառնիի ու Գեղարդի պատկերը նուիրեց Պոլսահայ միութեան:
Դարձեալ բեմ բարձրացան Սիպիլ եւ դաշնակահար Պուրակ Պետիքեան, որոնք ներկայացուցին երգերու այլ փունջ մը՝ «Կեանքի մը համար», «Սիրոյ ձայնը», «Ատանայի ողբերգ», «Բարի արագիլ», «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ» եւ «Երեւան Էրեբունի»: Պուրակ Պետիքեանի դաշնակի նուագակցութեան բարձր մակարդակը իսկապէս որ եզակի եւ տաքուկ էր, եւ ունէր իր իւրայատուկ փայլքը: Յանձնուեցան ծաղկեփունջեր Պոլսոյ Ս. Վարդանանց երգչախումբին եւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կողմէ:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն:
Իսկապէ՛ս որ անմոռանալի արուեստի երեկոյ մըն էր, ուր Սիպիլ կրցաւ հանդիսատեսներուն հանդէպ երգարուեստը յաջողապէս վերածել բարի դեսպանի եւ սուրհանդակի:
Նշենք, թէ Սիպիլ վերջին մէկ տարուան ընթացքին անօրինակ հռչակ ապահովեց «Սիպիլ» կոչուած իր անդրանիկ ձայնապնակով, որուն համբաւը տարածուեցաւ ամբողջ հայաշխարհին մէջ ու առաջնութեան մրցանակի արժանի նկատուեցաւ Մոսկուայի մէջ «Արմէնիա» երաժշտական 7րդ մրցանքին կողմէ:
Սիպիլ Մոսկուա հրաւիրուեցաւ, որպէսզի ներկայ գտնուի մրցանակաբաշխութեան հանդէսին եւ անձամբ ստանայ իր պարգեւը: Մրցանակաբաշխութեան հանդէսը պիտի կայանայ Ապրիլ 7ին, Մոսկուայի «Ռուսիա» թատերասրահին մէջ, եւ հանդիսութիւնը պիտի հաղորդուի նաեւ Հայաստանի «Հ-1» հեռատեսիլի կայանէն: Այս մրցումը կը կազմակերպուի Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մշակութային նախարարութեանց, Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան եւ Հայաստանի «Հ-1» հեռատեսիլի կայանին կողմէ, «Արմէնիա Փրոտաքշըն» կազմակերպութեան միջնորդութեամբ: Իսկ Նիւ Եորքի մէջ, Մարտ 31ին, Սիպիլ պիտի ներկայացնէ այլ համերգ մը: