ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Յայտնի յօրինող եւ խմբավար Էտուարտ Հօշարեանի յիշատակը վառ պահելու համար հաստատուած կրթանպաստի հիմնադրամը, որ նեցուկ կը կանգնի երաժշտութեան մարզին մէջ մասնագիտանալ փափաքող համալսարանական հայ ուսանողներու, 2012-2013 կրթական տարեշրջանին համար երկու կրթանպաստներ պիտի տրամադրէ:
Հազարական տոլար սոյն կրթանպաստներուն մանրամասնութեանց եւ դիմումներ կատարելու մասին իմանալու համար, այցելել www.edwardhosharian.com համացանցային կայքը: Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացնել ու ղրկել մինչեւ Յուլիս 16, հետեւեալ հասցէին՝ EHSF, PO Box 2577, Montebello, CA 90640: