ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին (GenEd), Երկուշաբթի, Ապրիլ 30ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Երիտասարդ թուրքերու կողմէ հայութենէն գրաւուած ստացուածքին նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ փրոֆ. Ուղուր Իւնկուր:
Ձեռնարկի ընթացքին, Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պետական վարժարաններու մէջ դասաւանդելու աշխատանքներուն մասին հակիրճ ներկայացում մը պիտի կատարուի:
Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.facebook.com/genedpro կայքէջը: