
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայկական Ցեղասպանութեան 97ամեակին առթիւ, ՍԴՀԿ «Կայծ» երիտասարդական միութիւնը, համագործակցելով Հայ ամերիկեան խորհուրդին հետ՝ կազմակերպած է մոմավառութիւն-հսկում, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 23ի երեկոյեան, Փասատինայի քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ, եւ որուն պիտի յաջորդէ քայլարշաւ դէպի Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի:
«Քայլարշաւ՝ յիշելու համար»ը խորհրդանշական միջոցառում մըն է, յարգելու համար յիշատակը 1.5 միլիոնին, որ զոհ գնաց մարդկութեան դէմ գործուած առաջին Ցեղասպանութեան. ոճրագործութիւն մը՝ որ մինչեւ օրս կը մնայ անպատիժ:
Միջոցառումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6ին: Քայլարշաւի մասնակիցները պիտի համախմբուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ առջեւ (2215 East Colorado Boulevard, Pasadena), ապա հանրակառքերով պիտի ուղղուին քաղաքապետարան, ուրկէ պիտի սկսի լուռ քայլարշաւը դէպի եկեղեցի: Քայլարշաւի աւարտին, երեկոյեան ժամը 9ին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական յայտագիր, որուն ընթացքին պիտի ըլլան ելոյթներ: Ապա, եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան պիտի կատարէ հոգեհանգստեան արարողութիւնը: