
Հայ Դատի յանձնախումբի Օրենճ Քաունթիի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 22ին, կ.ե. ժամը 4ին, Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահին մէջ (5315 W. McFadden Ave, Santa Ana): Ընթացքին պիտի ցուցադրուի բեմադիրիչ Էրիք Նազարեանի «Պոլիս» կարճ շարժապատկերը: Օրուան գլխաւոր բանախօսն է նաեւ Էրիք Նազարեանը:
Ձեռնարկին կը մասնակցին շրջանի Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդական կազմակերպութեան, ՀՅԴ Պատանեկան միութեան, ՀՕՄի, Համազգայինի, ՀՄԸՄի, ՀԵԴի, Հայ արհեստավարժներու միութեան մասնաճիւղերը, ինչպէս նաեւ շրջանի ՀՅԴ կոմիտէութիւնը, «Արի Կիրակոս Մինասեան» վարժարանը, Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, «Փարոս» բարեսիրական կազմակերպութիւնը եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութիւնը:
«Պոլիս»ի ցուցադրութեան կողքին, ելոյթներ պիտի ունենան ՀԵԴի, Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդական կազմակերպութեան ու ՀՅԴ Պատանեկան միութեան մասնաճիւղերու անդամները: