– Թուրքիոյ մէջ զգալիօրէն նուազած են Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն կողմէ կատարուող ներդրումները: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, այդ ներդրումները կրճատուած են մօտաւորապէս 250 միլիոն տոլարով՝ ըստ թրքական «Միլլիյէ»չ թերթին: Մեծագոյն նուազումը Ֆրանսայէն ներդրումներու պարագան է, արդարեւ, անոնք նախորդ տարուն 193 միլիոն տոլարին փոխարէն՝ իջած են 8 միլիոն տոլարի: Գերմանիայէն ներդրումները 120 միլիոնէն իջած են 72 միլիոնի, իսկ Հոլանտայի պարագային՝ 392էն 385 միլիոն տոլարի:
– Ատրպէյճանցի քաղաքագէտ Զարտուշթ Ալիզատէ «յիմարութեան եւ ազգային դաւաճանութեան» համազօր համարած է Իրանի դէմ հաւանական յարձակումի մը համար Իսրայէլին ռազմական խարիսխ տրամադրելու առաջարկը, որովհետեւ այդ պարագային՝ Ատրպէյճան պատերազմի թիրախ պիտի դառնայ:
– Անցեալ տարուան ընթացքին աշխարհի տարածքին ռազմական ծախսերու ընդհանուր գումարը հասած է 1738 միլիառ տոլարի, ըստ Սթոքհոլմի միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութեան հիմնարկին: Ամերիկա այդ գումարին մեծ մասին պատասխանատուն է իր 711 միլիառ տոլարի ռազմական ծախսերով, իսկ անկէ ետք կու գան Չինաստանն ու Ռուսիան, յաջորդաբար՝ 143 եւ 71.9 միլիառ տոլարով: Եւրոպայի տարածքին 406 միլիառ տոլար ծախսուած է ռազմական նպատակներու համար, իսկ Միջին Արեւելքի մէջ՝ 123 միլիառ տոլար:
– 2010էն ի վեր, հակաիսլամ ոճիրներուն թիւը 50 տոկոսով աճած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին:
– Թուրք յայտնի վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ «սուտ» որակած է Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան եւ վարչապետին կողմէ պարբերաբար կատարուող այն պնդումը, թէ երկրին մէջ «փայլուն երիտասարդութիւն» կը դաստիարակուի՝ աւելցնելով, թէ լուրջ քննարկում մը ցոյց կու տայ, որ ներկայ դարաշրջանէն որքա՛ն հեռու սերունդ կը պատրաստուի երկրին մէջ: «Եթէ այսպէս շարունակուի, ապա 30-40 տարի ետք շատ աւելի ետ պիտի մնանք», ազդարարած է ան: