ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, մինչ Սուրիոյ իշխանութեանց ընդդիմացող աղբիւրներ կը հաղորդէին, թէ նոյն օրը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու ընթացքին ոստիկաններ կրակ բացած են, Սուրիոյ իշխանութիւնները հաղորդեցին, թէ երկիրի հարաւային շրջաններուն մէջ «ահաբեկիչներու» կողմէ լարուած ականի մը պայթումին զոհ գացած են 10 զինուորներ: Այս դէպքերը տեղի կ՛ունենան, մինչ 250էն 300ի միջեւ ՄԱԿի դէտեր Սուրիոյ տարածքին հաստատելու աշխատանքները կը շարունակուին:
Սակայն միւս կողմէ՝ «Սուրիոյ բարեկամներ»ու երրորդ խորհրդաժողովը, որ Հինգշաբթի օր Փարիզի մէջ գումարուեցաւ, քննեց սուրիական վարչակարգին դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատումը: Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կը կայանայ մարդասիրական միջանցքներու հաստատումով, որ ընդդիմութեան գոյութեան շարունակումը կ՛արտօնէ: Ան ըսաւ. «Պաշշար Ասատ ստախօս է. ան կ՛ուզէ Հոմսը քարտէսէն ջնջել, ճիշդ ինչպէս Քազաֆի ուզեց Պենկազին քանդել»:
Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ Փարիզի խորհրդաժողովին նպատակը ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ տարակարծութիւնները խորացնելն է: Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պրիւքսէլի մէջ Ռուսիա-ՆԱԹՕ ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան աջակցող Քաթարի կեցուածքը «չէ հասկցած»՝ նշելով, որ «կան կողմեր, որոնք կը փորձեն Սուրիոյ մէջ ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը թաղել՝ նախքան անոր հասուննալը»:
Նաեւ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալան Ժիւփէ յայտնեց, որ դէտերու առաքելութիւնը ազդու դարձնելու համար պէտք է անոնց խումբը 300 կամ 400 անդամներէ բաղկացած ըլլայ: