ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարք Թոնըր Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին յայտարարեց, թէ Ամերիկա եւ Ատրպէյճան միջկառավարական յանձնաժողովներուն միջոցաւ կը քննեն տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:
Ըստ ատրպէյճանական լրատու գործակալութեանց, Ուաշինկթըն կը գտնուի Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախարար Արիֆ Շարիֆովի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որ կը քննէ Ամերիկայի հետ համագործակցութեան հեռանկարները: Կը նշուի, թէ հանդիպումներու ընթացքին կը քննուին նաեւ Ատրպէյճանը Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ դարձնելու հարցը: Ներկայիս Ատրպէյճան դիտորդի կարգավիճակ ունի այդ կազմակերպութեան մէջ: