
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ խիստ քննադատութիւններ ուղղեց վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին, յատկապէս Սուրիոյ նկատմամբ անոր որդեգրած ռազմաշունչ քաղաքականութեան համար: Տեմիրթաշ թրքերէն բառախաղ մըն ալ ըրաւ «պիր» բառով, ու ըսաւ. «Չեւիք՝ պիր (մէկ), Էրտողան՝ իքի (երկու). երկուքին միջեւ տարբերութիւն չկայ», այսպէս ակնարկելով անցեալ շաբաթ ձերբակալուած Թուրքիոյ սպայակոտի պետի նախկին տեղակալին։
Տեմիրթաշ պնդեց, որ Էրտողան նոյնիսկ իր նախարարներուն հետ չի խորհրդակցիր, ու քիչ մնացած է, որ պատերազմ հռչակէ Սուրիոյ դէմ. ապա աւելցուց. «Էրտողան կը պնդէ, որ Սուրիոյ ժողովուրդը ինքնավար պէտք է ըլլայ՝ մոռնալով, որ սուրիացի ժողովուրդին մաս կազմող քիւրտ ժողովուրդն ալ ինքնավարութիւն կ՛ուզէ: Էրտողան պիտի ընդունի՞, որ քիւրտերուն ինքնավարութիւն տրուի։ Ո՛չ։ Էրտողանին խնդիրը սուրիացի ժողովուրդը պաշտպանել չէ, այլ անոր խնդիրն է արգելք ըլլալ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու քաղաքական կարգավիճակ ստանալուն։ Այս պատճառով ալ, Էրտողան կ՛ուզէ ապահովութեան գօտի մը ստեղծել Թուրքիոյ ու Սուրիոյ միջեւ»։