ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան վարիչ խորհուրդը, իմաստութիւնը ունեցած էր այս տարի իր միջ-տարեկան գարնանային նիստը կայացնել գեղատեսիլ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ մէջ, ուր գիտակից զուգադիպութեամբ մը, ժողովականները բացառիկ պատեհութիւնը ունեցան վայելելու եկեղեցւոյ երգչախումբի տարեկան երրորդ համերգը՝ ղեկավարութեամբ եկեղեցւոյ եռանդուն, երիտասարդ, երաժշտասէր եւ խմբավար հովիւ վեր. Ներսէս Պալապանեանի:
Արդարեւ Աստուծոյ փառքին նուիրուած եւ Ծաղկազարդի նախօրեակին ներկայացուած այս տպաւորիչ համերգը ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ եկեղեցւոյ սրահը եւ անոր գաւիթը խուռներամ լեցնող ժողովուրդին համար, որ բարի նախանձի արդարացի զգացում մը ունի՝ հանդէպ հայ մշակոյթի եւ երաժշտութեան նուիրուած ձեռնարկներով յարաբերաբար հարուստ եւ ճոխ քոյր-գաղութ Լոս Անճելըսի հանդէպ:
Այս պարագային, սակայն, բարի նախանձի զգացումը շրջուած էր հարաւէն հիւսիս, ուր Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ երգչախումբը, իր 10 այր եւ 19 կին սիրողական արուեստագէտներով եւ խանդավառ ղեկավարութեամբ վեր. Պալապանեանի, հմայեց եւ վերացուց ներկաները հոգեւոր, դասական եւ հայկական տոհմիկ երգերու գունագեղ փունջով մը:
Փառաբանութեան երաժշտական երեկոն ձեռնհասօրէն վարեց Սթեֆընի Ատրունին՝ պատշաճ եւ հակիրճ ներածականով մը ներկայացնելով իւրաքանչիւր կտոր՝ տալով անոր խտացած իմաստն ու միտք բանին:
Քոյր յարանուանութիւններու ջերմ գործակցութիւնը ցուցաբերող գեղեցիկ երեւոյթով մը իր մասնակցութեամբ երեկոն փայլեցուց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դասէն մեներգիչ Սեդա Գիզիրեանը (Mezzo Soprano), որ խոր ապրումով եւ ձայնի հարազատ ելեւէջներով մեկնաբանեց սրբազան երաժշտութեան քանի մը կտորներ՝ խնկաբոյր ալիքներու ազդեցութեան տակ թողելով ունկնդիրները:
Անմահն Կոմիտաս չէր կրնար բացակայիլ յայտագիրէն, ուստի երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտասի «Սրտիկ Մալուլ Մի Մնա»ն:
Արամայիս Սահակեանի բառերով եւ Մելիք Մաւիսքալեանի երաժշտութեամբ հրամցուած «æան, Հայաստան»ը (մեներգիչներ՝ Արմիկ Ասրեան եւ Յակոբ Նազարեան) ներկաները փոխադրեց հայրենիք եւ վերացուց զանոնք հայրենիքի բնութեան եւ պատմական գեղեցկութեամբ՝ պահ մը մոռցնել տալով հայրենական ամէն ցաւ:
Ապա, Սեդա Գիզիրեանի կատարողութեամբ եւ Սեւան Պալապանեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ, ներկաները վայելեցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Իմ անոյշ տաւիղ»ը, իսկ հայրենասիրութեան նուիրուած բաժինը ամբողջացաւ Ալեքսանտր Յարութիւնեանի «Երգիր ինձ համար»ով: Վերջինը կենդանի յուշարձան մը հանդիսացաւ նորոգ հանգուցեալ՝ 91ամեայ հայրենի անուանի երաժշտագէտին:
Վեր. Ներսէսը երիտասարդ այն երաժիշտն է, որուն ճաշակը կը ներգրաւէ ամերիկեան ճազի երանգը: Ուստի, ի մտի ունենալով հայն ու իր պատմութիւնը երաժշտութեան ճամբով երաժշտասէրին ներկայացնելու հարկադրանքը՝ վերապատուելին յատուկ դաշնաւորումով մը՝ փողահար Տէյվ Սքոթի ընկերակցութեամբ, դաշնակի վրայ ապրումով ներկայացուց հայու ճակատագիրին բախտակից թռչուններ՝ «Կաքաւիկ», «Ծիծեռնակ» եւ «Բարի Առաքիլ» երգերու ճազային դաշնաւորումի իր ստեղծագործութիւնը՝ յիշեցնելով ներկաներուն, թէ «գուցէ Կոմիտաս այդքա՛ն ալ գոհ չըլլա՛յ, բայց եւ այնպէս ամէն անձ պատմութիւն մը ունի, այս ալ ի՛մ պատմութիւնս է»:
Երգերու վերջին փունջը արանց եօթնեակինն էր, որ ապրումով, խանդաղատանքով եւ խանդավառութեամբ ներկայացուց երեք երգեր՝ Լորի Քլայնի «I love You Lord»ը, ծանօթ դասական հոգեւոր «The Battle of Jericho»ն եւ Բարսեղ Կանաչեանի հայկական տոհմիկ «Հէլէ, հէլէ»ն՝ ներկաները փոխադրելով տօնախմբութեան մթնոլորտ մը:
Զատկուան եղանակին պատշաճ փակումը՝ գագաթնակէտն էր: Երգչախումբին եւ մեներգիչ Գիզիրեանի տպաւորիչ կատարողութեամբ ներկայացուեցաւ Լիրա Տաւիտիքայի «Christ the Lord is Risen Today» յաղթական աւարտականը: Յարուցեալ Քրիստոսի բարի աւետումով ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ մը հրաւիրուեցան եկեղեցւոյ կից սրահը պատրաստուած ճոխ ընդունելութեան:
Յայտագիրը ունէր իր անակնկալները: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ քոյր եկեցւոյ զաւակ, 81ամեայ երիտասարդ Անի Զինարզեան, ներշնչուած նախորդ տարուան յայտագիրէն՝ դաշնակի վրայ նուագեց եւ երգեց իր յօրինումը եղող ստեղծագործութիւն մը, խորագրուած՝ «I took a walk with the Lord today», իսկ վերապատուելին, երախտագիտութեան խոր գիտակցութեամբ բեմ հրաւիրեց եկեղեցւոյ երգչախումբի նախորդ չորս խմբավարներ՝ Վիգէն Խաչատուրեանը, Ռուզան Պատիրը, Էլիթօ Արսլանեանը եւ օրուան յայտագիրի գեղարուեստական ղեկավար եւ նախկին խմբավար Արմինէ Ատրունին, պատշաճօրէն գնահատելով անոնց անանձնական ծառայութիւնը:
Օրուան համար յագեցած բայց նման ձեռնարկներու միշտ ծառաւ ներկաները հեռացան՝ ժամադրուելով վեր. Պալապանեանի յաջորդ տարուան հրամցնելիք յայտագիրին հետ:
Շնորհակալական յատուկ խօսք՝ միութեան քարտուղար, Սան Ֆրանսիսքոյի եկեղեցւոյ զաւակ եւ երգչախումբի անդամ Թալին Տէ Անճելըսին, այս բացառիկ վայելքին եւ հարազատի հիւրասիրութեան բոլոր կարգադրութիւններուն համար:
Արդարեւ, շատ գեղեցիկ, ներշնչող, Զատկուան եղանակին պատշաճ անմոռանալի երեկոյ մըն էր՝ Սան Ֆրանսիսքոյի հայութեան համար:
Պռաւօ՛, պատուելի Ներսէս:
Ապրիլ 14, 2012