ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան 25 Ապրիլին ընդունած է անուանի գրող, հրապարակախօս, Փատովայի համալսարանի ժամանակակից իտալական գրականութեան փրոֆեսէօր Անթոնիա Արսլանը։ Նախարարը իրեն յանձնած է Հայաստանի նախագահի կողմէ շնորհուած Մովսէս Խորենացի շքանշանը՝ գրականութեան մէջ իր ունեցած աւանդին եւ արձանագրած մեծ ձեռքբերումներուն համար: Մեծանուն գրողը շնորհակալութեամբ ընդունած է պարգեւը եւ նշած, թէ առաջին անգամ չէ, որ Հայաստան կ՛այցելէ՝ աւելցնելով, որ ինքզինք Հայաստանէն մասնիկ մը կը զգայ։
Անթոնիա Արսլան Հայաստան կը գտնուի Երեւանը՝ 2012 թուականին գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակելու տօնակատարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Եղեռնին նուիրուած, իր հեղինակած «Արտոյտներու ագարակը» եւ «Զմիւռնիայի ճանապարհը» վէպերուն հայերէնով հրատարակութիւններու շնորհանդէսին մասնակցելու համար: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած այս հրատարակութիւնները «Արմ Պուք Էքսփօ» ցուցահանդէսի ծիրին մէջ գրասէր հանրութեան ներկայացուցած է 23 Ապրիլին՝ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ: Անթոնիա Արսլանի վէպերուն հայերեն թարգմանութեան հեղինակն է Վենետիկի համալսարանի դասախօս Սոնա Յարութիւնեան:
Անթոնիա Արսլանը նախարարի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այս տարուան Յունուարին Իտալիոյ մէջ լոյս տեսած է «Մշոյ ճառընտիր»ին՝ հայերէն մեծագոյն ձեռագիր մատեանի փրկութեան նուիրուած վէպը, որ երեք ամսուան ընթացքին հրատարակուած է չորս լեզուներու։ Նախարարը առաջարկած է նաեւ նախաձեռնել այս գիրքը հայերէն թարգմանութեան՝ պետական նիւթական հոգածութեամբ։
Անթոնիա Արսլան՝ իտալահայ գրողն ու գիտնականը, ծնած է Իտալիոյ Փատովա քաղաքին մէջ, 1938 թուականին: Հնագիտութեան մագիստրոս է, Փատովայի համալսարանի իտալական արդի գրականութեան դասախօս, Հորտհամի համալսարանի յատուկ հրաւիրեալ դասախօս: Անթոնիա Արսլան Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու համալսարաններուն մէջ յաջողութեամբ կազմակերպած է սեմինարներ ու դասախօսութիւններ: Մեծ է անոր աւանդը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ։