
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ աշխարհահռչակ «Տը-Լինք Ինթըրնեշընըլ» ընկերութեան 8.5 միլիոն տոլար արժողութեամբ ներդրումային ծրագիրին։ Հայաստանի կառավարութիւնը 26 Ապրիլի նիստին ընթացքին Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեանը նշեց, որ ընկերութեան եւ նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է համապատասխան յուշագիր:
«ՏՏ ոլորտի համաշխարհային համբաւ ունեցող հինգ ընկերութիւններ Հայաստանը յայտարարել են իրենց տարածաշրջանային կենտրոն: Դա նշանակում է, որ մօտակայ 10 տարիների ընթացքում այս ոլորտում ունենալու ենք բարձր աճի տեմփեր, իսկ վերջին տարիներին այս բնագաւառում տարեկան արձանագրուել է 30 տոկոս կայուն աճ», դիտել տուաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը: Անոր համաձայն, ներկայացուած նախագիծը պետութիւն-սեփական հատուած համագործակցութեան վառ օրինակներէն մէկն է: Վարչապետը կարեւոր նկատած է այն հանգամանքը, որ ծրագիրը պիտի իրականացուի Գիւմրիի մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք շրջանին մէջ կը ստեղծուին նոր աշխատատեղիներ, կ՛աւելնան քաղաքին հետազօտական կարողութիւնները, քաղաքը կը ստանայ նոր շունչ։
Այս ծրագիրով Գիւմրիի մէջ «Տը-Լինք Ինթըրնեշընըլ»ի պիտի յատկացուի 970 քիլոմեթր տարածք եւ գոյք: Պիտի ստեղծուի ընկերութեան համալիրը, որ մաս պիտի կազմէ պետական միջոցներով կառուցուող արհեստագիտական համալիրին:
Ծրագիրը երկարաժամկէտ է եւ պիտի իրականացուի 10-15 տարիներու ընթացքին: