ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ օր, հայ մտաւորական մը պատուելու ձեռնարկէն առաջ, իր կարգին մտաւորական բարեկամ մը գովասանական խօսքեր ըրաւ «Ասպարէզ»ի հասցէին:
Քաջալերական խօսքեր, մանաւանդ՝ վաւերական մտաւորականի մը կողմէ՝ ահաւոր պարտաւորեցնող են: Պէտք է նաեւ անդրադառնալ, որ գովասանքը ինքնին կրնայ տրուիլ պարզապէս իբրեւ քաջալերանք, որպէսզի մղուինք հասնելու գոնէ նուազագոյն գոհացնող մակարդակին ու… փորձենք անցնիլ:
Շատ շնորհակալ ենք այդ խօսքերուն համար: Կը խոստանանք աւելիին հասնիլ, ձգտիլ աւելի լաւին՝ բծախնդիր ընթերցողը գոհացնելու աստիճանին:
Մեր ճիգերը առաւել արդիւնաւորելու համար, դարձեալ ու դարձեալ կը զգանք կարիքը յաւելեալ միջոցներու: Գիտենք, որ մեր աշխատանքը գնահատող մտաւորականը ու իրեն նման բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք կ՛ակնկալեն աւելին, կը սպասեն աւելին, իրենք հնարաւորութիւններ ունին օգնելու մեզի:
Աւելի յստակ ըսենք: Այս խաւը ինք կապեր ունի մեր ազգային բարերարներու շրջանակին հետ, անոնց յարգանքը կը վայելէ: Մեր խնդրանքը. քարոզեցէ՛ք մեր մասին այդ շրջանակին մէջ, յորդորեցէ՛ք այդ բարերարները՝ հովանաւորել մեր ծրագիրները, որոնք, վստահ ենք, ձեր սիրտի փափաքին կը համապատասխանեն: Թելադրեցէք անոնց, որ թիկունք կանգնին մեր ճիգերուն, երբ կը ջանանք բացուիլ ամբողջ համայնքին, ընդարձակել մեր թղթակցական ցանցը, գրական-մշակութային մեր բաժինը զարգացնել, զբօսանքի ու ժամանցի բաժիններ աւելցնել, որպէսզի ունենանք աւելի մեծ թիւով ընթերցողներ, որոնք «Ասպարէզ»ի ճամբով պիտի կապուին հայ համայնքին, ազգին, հայրենիքին, հայոց պետութեան: Ազգային բարերարներու կամ մեր մտաւորական բարեկամներուն համար փափաքելի չէ՞ այս պատկերը: Եթէ այո՛, ապա կը խնդրենք, որ անցնիք գործի: