ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Գրիգոր Զօհրապ գողգոթայի ճանապարհին» թատերգութիւնը Կիրակի, 29 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ մարմին ու հոգի առաւ՝ հեղինակ, բեմադրիչ եւ կատարող Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի կողմէ, ու անոր յատուկ եւ բազմատաղանդ կարողականութեան ընդմէջէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած տպաւորիչ ու մեր պատմութեան ամէնէն արիւնոտ էջերը ներկայացնող այս երեկոյին ընթացքին, Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան առանձինն բեմ բարձրացուց 22 անձնաւորութիւններ՝ իւրաքանչիւրին տալով իր ամբողջական արժէքն ու ինքնութիւնը ու զայն ներկայացնելով իր նկարագրային իւրայատուկ գիծերով:
Թատերգութեան բացման խօսքը արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ հայ գրականութեան, թատերգութեան եւ մշակոյթի կեանքին մէջ Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի ունեցած յատկանշական դերակատարութեան անդրադառնալէ ետք նշեց, որ ան կարողութիւնը ունի դէպքերուն տարբեր կշիռ ու դրոշմ տալու, բեմը տօնահանդէսի վերածելու:
Ապա բեմ բարձրացաւ Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան, որ յայտնեց, թէ ընդհանրապէս Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող իր գործերը կը նուիրէ իր պաշտելի մեծ մօր՝ Մարիձա Աստուրեանի, եւ անոր ողջ մնացած միակ որդւոյն՝ Յովհաննէս Ուզունեանի, բայց եւ այնպէս կարեւոր է նաեւ նման նախաձեռնութիւններ նուիրել հայոց պահանջատիրութեան: Ան հաստատեց, որ ներկայացուելիք բոլոր դէպքերը փաստերու վրայ հիմնուած ու իրական կեանքերէ առնուած են:
Ապա շուրջ երեք ժամ տեւողութեամբ, Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան գերեց սրահը լեցուցած լիբանանահայ հանդիսատեսը ու ներկաները փոխադրեց դէպի 1915՝ Գրիգոր Զօհրապի ճամբով լուսարձակի տակ առնելով հայութեան նշանաւոր դէմքերուն ճակատագիրն ու անոնց ահաւոր սպանդը: