Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց «Դէպի Ջաւախք» իր նոր ծրագիրը:
2011ին կայացած ՀԵԴի Պատգամաւորական ժողովին որոշում առնուած էր ՀԵԴի ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Պատմական Հայաստանի կամ Սփիւռքի քաղաքի մը վրայ: Այս որոշումի նպատակն էր ՀԵԴի անդամները դաստիարակել եւ զանոնք տեղեակ պահել տուեալ քաղաքի պայմաններուն մասին, օժանդակութեան ձեռք երկարել այնտեղ ապրող հայերուն ու տեղւոյն երիտասարդներուն հետ ստեղծել սերտ հաղորդակցութիւն:
Այս տարի ընտրուեցաւ Ջաւախք քաղաքը, այնտեղ տիրող դժուար պայմաններուն համար, որոնք ստեղծուած են Վրաստանի կառավարութեան խտրողական քաղաքականութեան պատճառաւ:
Յունուար ամիսէն սկսած, Կեդրոնական վարչութիւնը Ջաւախքի մասին դաստիարակչական աշխատանքի սկսած է մասնաճիւղերէն ներս. սկսած է նաեւ դրամահաւաքի աշխատանք՝ մատակարարելու համար ծրագիրի նիւթական պէտքերը: Զուգահեռաբար, ՀԵԴի Հայ Դատի կեդրոնական յանձնախումբը երկու շրջաններու (ԱՄՆի Արեւելեան շրջան եւ Ջաւախք) միջեւ կապ հաստատելու աշխատանք կը տանի:
Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն երկու տարբեր բանակումներ տեղի պիտի ունենան. առաջինը Ախալքալաքի մէջ, իսկ միւսը՝ Ախալցխայի: Իւրաքանչիւր ճամբար 5-16 տարեկան՝ 50 երեխայ պիտի ընդունի:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.facebook.com/TebiJavakhk կայքը կամ գրել chtc@ayf.org ելեկտրոնային հասցէին: