
ԵՐԵՒԱՆ, «ՀայՆիուզ».- Թուրք յայտնի իրաւապաշտպան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու հարցով աշխուժօրէն զբաղող հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու, հերթական մրցանակի արժանացած է՝ խլելով «PEN» կազմակերպութեան կողմէ սահմանուող Ճերի Լէյպերի անուան հրատարակչութեան ազատութեան միջազգային մրցանակը:
«Այս մրցանակը ոչ միայն իմն է, այլ նաեւ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ պահուող միւս լրագրողներունը, գրողներուն ու հրատարակիչներունը», մրցանակը ստանալէ ետք յայտարարած է թուրք իրաւապաշտպանը:
Նշենք, որ Զարաքօլու Թուրքիոյ մէջ հրատարակած է քանի մը տասնեակ գիրքեր, որոնց մէջ կը խօսուի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին մասին, եւ որոնց պատճառով ալ, պարբերաբար հալածուած եւ բանտարկուած է թրքական պետութեան կողմէ: