
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան ճամբով, Սիրուն Կիւրեղեանի Ֆիլատելֆիոյ մէջ ունեցած սեփական խանութին հիման վրայ՝ Ստեփանակերտի մէջ բացուեցաւ ակնոցի բարեգործական խանութը:
Երկրաշարժէն հիմնովին քանդուած Գիւմրիի Աւետիք Իսահակեան վարժարանը պիտի նորոգուէր Սոցիալական ներդրումներու հիմնադրամին կողմէ, եթէ տեղւոյն համայնքը կարենար գոյացնել վերակառուցման ծախսերու տասը տոկոսը: Սիրուն Կիւրեղեան, հարուստ մէկը չըլլալով հանդերձ, նուիրեց այդ գումարը եւ նշեալ շէնքը բարձրացաւ:
Շուշիի գրադարանին մէկ յարկը պէտք է նորոգուէր: «Թիւֆէնքճեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչը դիմեց անոր: Սիրուն սիրով յանձն առաւ այդ պարտականութիւնը:
Այժմ, Հայ Դատի հիմնադրամի թելեթոնը կազմակերպողները կը դիմեն հանրութեան՝ Ուաշինկթընի եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի աշխատանքներու ծաւալման ի նպաստ հանգանակային արշաւը յաջողութեամբ պսակելու:
Սիրուն Կիւրեղեան կ՛որոշէ ընդառաջել եւ 7500 տոլար կը նուիրէ Թելեթոնին՝ միեւնոյն ժամանակ 2500 տոլար նուիրելով «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ գնահատելով Հայ Դատի քարոզչութեան մէջ անոր ունեցած վաստակը:
Շնորհակալութի՛ւն, Սիրուն Կիւրեղեան: Առողջութիւն կը մաղթենք քեզի՝ յուսալով, որ երկար տարիներ մեզի հետ կ՛ըլլաս ու ականատես կը դառնաս թէ՛ Հայ Դատի եւ թէ «Ասպարէզ»ի արձանագրած յաջողութիւններուն: