
3 Մայիսին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 2012 թուականի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու Կեդրոնական նախընտրական ղեկավարման մարմինի հանդիպումը՝ ՀՅԴ նախընտրական ղեկավարման մարմինի անդամներուն, ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչներու եւ պատասխանատու անձերու հետ։
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ այս ընտրապայքարով Դաշնակցութիւնը կը նպատակադրէ երկիրը դուրս հանել իր դաժան կացութենէն՝ շօշափելի տուեալներ եւ ելքեր ներկայացնելով ժողովուրդին։
«Փորձեցինք ցոյց տալ, թէ մենք ինչպէս ենք տեսնում այս վիճակից ելքը: Չփորձեցինք «ընդդէմ»ի քաղաքականութիւն վարել: Մենք ասացինք, թէ այս ծանր իրավիճակը, որի մէջ յայտնուել ենք, ինչ պատճառներ ունի, ինչի հետեւանք է, եւ այս վիճակից դուրս գալու համար ինչ պէտք է անենք: Մենք ծրագիր ներկայացրինք, ճանապարհ ցոյց տուեցինք: Փորձեցինք «յանուն»ի պայքար ծաւալել եւ ժողովրդին համոզել, որ ելք կայ այս վիճակից, հնարաւորութիւն կայ», յայտարարեց ան:
Ան նշեց, որ Դաշնակցութեան ընտրապայքարի կարեւոր առանձնայատկութիւնն այն էր, որ «չասեցինք մենք լաւն ենք, դրա համար ձայն տուէք մեզ, մենք ծրագիր ներկայացրեցինք, այս վիճակից դուրս գալու ուղղի ցոյց տուեցինք: Մենք քուէ չենք մուրում»։
Դաշնակցական գործիչը դիտել տուաւ, թէ հակառակ անոր որ Դաշնակցութիւնը ասպարէզ կարդաց եւ բաց հրաւէր ուղղեց իր նախընտրական ծրագիրի քննարկում կատարելու, անոր շուրջ բանավէճ ծաւալելու, բայց եւ այնպէս ոչ մէկ ընդառաջում գտաւ։ «Դա տեղի չունեցաւ երկու պատճառով. խուսափեցին պատասխանել, թէ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա այդպէս չի եղել, հնարաւորութիւնները չեն օգտագործուել, նաեւ «հնարաւորութիւն ունեցան երեւակայական այնպիսի թուէր կրակել, որ դրանով արժեզրկեն, ստուերեն նաեւ տրամաբանօրէն կազմուած ծրագրերը»:
Հրանդ Մարգարեան նշեց, որ կարելի է ձգտել իշխանութեան՝ իշխանութիւն ունենալու համար, նաեւ ձգտել իշխանութեան՝ այս երկրին ու այս ժողովուրդին ծառայելու համար. «Մենք երկրորդ դասին ենք պատկանում: Այս երկիրն ու այս ժողովուրդը մեր կեանքի իմաստն են»:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը փաստեց, որ ՀՅԴի համար ընդունելի չեն այսօրուան իշխանութիւնները, եւ ՀՅԴն վճռական է փոխելու զանոնք՝ յենելով ժողովուրդի վրայ:
«Մենք ուրիշ պետութիւններից չենք կառչելու, մենք սատանայի հետ չենք համագործակցելու, մենք անբարոյական միջոցների չենք դիմելու: Մենք մեր երկրի ազգային անվտանգութեան սկզբունքները չենք վտանգելու, այլ մեր ժողովրդի վրայ յենուած, մեր ժողովրդի քուէին հաւատալով, մեր ժողովրդին հաւատալով գնալու ենք իշխանափոխութեան: Մենք պէտք է կարողանանք մեր երկիրը դուրս բերել այս վիճակից: Այս վիճակից մէկ ելք կայ՝ ընտրութիւնը: Մեր ժողովուրդը պէտք է գնայ ընտրութեան եւ ճիշդ քուէարկի՝ ընտրելով Դաշնակցութեանը: Այլ ելք չկայ», յայտարարեց ան։
Անոր համաձայն, ՀՅԴն միայն ընկերային-տնտեսական հարցերը լուծելու գծով աշխատանք չի տանիր, այլ անիկա ազգային-քաղաքական կուսակցութիւն է եւ լաւապէս գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ։
«Մենք էժան քարոզչութեամբ չենք զբաղւում, հակառակ դէպքում չէինք ասի, որ Ղարաբաղի հարցում չպէտք է զիջենք: Մենք եթէ էժան քարոզչութեամբ զբաղուէինք, չէինք ասի, որ պէտք է հայ-թուրքական արձանագրութիւնները գցել աղբարկղը, չէինք ասի, որ æաւախքի հայութեանը պէտք է թեւ ու թիկունք լինենք: Մենք ասում ենք, որ Ղարաբաղը պէտք չէ զիջենք, որ Թուրքիային պէտք չէ զիջենք, որ մեր երկիրը պէտք է զարգանայ, հզօրանայ, որ կարողանանք չզիջել», դիտել տուաւ ան։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց, որ եթէ ինքը ղարաբաղցի ըլլար, իր ձայնը անպայման Դաշնակցութեան կու տար, եւ ոչ մէկ այլ ուժի։ «Որովհետեւ Ղարաբաղի շահը դա է պահանջում, որովհետեւ ՀՅԴն ունի համակարգուած ու գաղափարական մօտեցում Ղարաբաղի հարցում: Բոլորը կարող են երես թեքել Ղարաբաղից, բայց ոչ Դաշնակցութիւնը: Նոյնը կ՛ասեմ æաւախքի վերաբերեալ», բացատրեց ան:
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ ամէն ինչ ի զուր ու անիմաստ կ՛ըլլայ, եթէ կարելի չըլլայ գործել այնպէս, որ Դաշնակցութեան ընտրողներուն ու ընդհանրապէս բոլոր ընտրողներուն քուէները պահպանուին: Այս իմաստով ան շատ կարեւոր նկատեց նախընտրական մարմիններու եւ ընտրութիւններուն վերահսկող միասնական ղեկավարման մարմիններու դերն ու գործութիւնէութիւնը՝ ընդգծելով, որ Դաշնակցութիւնը նաեւ կը համագործակցի տարբեր ուժերու հետ՝ յանուն բոլոր ընտրողներու քուէներու պաշտպանութեան: