
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի վերահաստատած է Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը ներկայացնելու իր յանձնառութիւնը: «Նուվել տ՛Արմէնի»ն կը գրէ, թէ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Ալեքսիս Կովչիյեանի եւ Արա Թորանեանի ուղղուած նամակին մէջ, նախագահը գրած է.
«Ապրիլ 24ին բոլորս յիշատակեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցը: Ես ուրախ էի, որ այդ օրը կը գտնուէի իմ ֆրանսահայ հայրենակիցներուն կողքին: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայերը դարձան մեր երկիրի նուիրեալ զաւակները եւ հարստացուցին մեր մշակոյթը»:
Սարքոզի միաժամանակ վստահեցուցած է, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծը պիտի ներկայացուի խորհրդարանին, 2012ի Յունիսին: «Վստահ եղէք, որ ես Ֆրանսայի անունով պիտի շարունակեմ իմ պայքարը, որպէսզի ճանչցուի ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը», ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահը:
Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը, զոր հեղինակած էր խորհրդարանի պատգամաւոր Վալերի Պուայէն, վաւերացուեցաւ խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ այս տարուան Փետրուար 28ին, սակայն Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը զայն նկատեց հակասահմանադրական: