ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հարցման նշանով կ՛արտայայտենք մեր անձկութիւնը, սպասումը, որ Կիրակի oր, Մայիս 6ին, անկախ Հայաստանը իրապէս անկիւնադարձային նուաճում մը արձանագրէ ժողովրդավարական համակարգի ուժեղացման, արդար հասարակարգի ստեղծման ճանապարհին:
Բոլորս ալ կասկածով, խորունկ անվստահութեամբ կը մօտենանք արդար ընտրութեանց մասին իշխանական լծակներու տէր մարդոց խոստումներուն: Մեր կասկածն ու անվստահութիւնը հիմնաւորելու բազմաթիւ հիմքեր կը տրուին մեզի. ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու անհաւատալիօրէն բարձր թիւէն սկսեալ, մինչեւ ընտրարշաւի ընթացքին պետական համակարգի աշխատողներուն վրայ դրուած պարտադրանքները կը վկայեն, որ արդար ընտրութիւնները կրնան մնալ ցանկալիի շրջանակներուն մէջ, եւ այս հանգրուանին ալ տակաւին պէտք է պատրաստ ըլլանք յուսախաբութեան:
Ցաւը այն է, որ յուսախաբութիւնը ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ երկրին համար՝ բարոյալքում յառաջացնելով քաղաքացիներու, յատկապէս՝ երիտասարդ, կրթուած խաւին մէջ, որ համբերելու եւ դիմանալու իմաստը կրնայ չտեսնել այլեւս եւ կրնայ միանալ արտագաղթողներու հոսանքին:
Եկէք յոռետես չըլլանք ու փորձենք վարակուիլ միջազգային դիտորդներու դրական գնահատումներէն, որոնք առնուազն համեմատական բարեշրջում մը կը գուշակեն ընտրական գործընթացին մէջ: «Անշուշտ, աշխարհ տեսած այս մարդիկը բան մը գիտեն» ըսենք ու միամիտ ձեւանանք: Այդպէս գոնէ լաւ կը զգանք, նուազ կը տագնապինք ու հանգիստ կը սպասենք Մայիս 6ին:
Այսուհանդերձ, հզօր ու բարգաւաճ հայրենիքի երազը չի կրնար հանգիստ ձգել մեզ, պարզ այն պատճառով, որ կարելի չէ թերագնահատել արդար ընտրութիւններու կարեւորութիւնը՝ այդ երազի իրականացման պայքարին մէջ: Եթէ ընտրութիւնները արդար ըլլան, ապա ոչ մէկ ուժ կրնայ կանգնեցնել մեր երկրի արագընթաց վերելքը:
Կը սպասենք այդ արդար՝ անկիւնադարձային ընտրութիւններուն: