Վատիկանի պետական քարտուղարին ուղղած իր նամակով, Արամ Ա. կաթողիկոսը իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնելէ ետք Ֆրանսիս պապին վախճանումին առիթով՝ կը յայտնէ, որ եկեղեցին վերանորոգելու առաջնորդող շարք մը յանդուգն քայլերով ան նոր էջ մը բացաւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ կեանքին եւ մտածողութեան մէջ։ Վախճանեալ Պապը շեշտեց միջեկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը, եղաւ զօրակից անարդարութեան զոհ ժողովուրդներուն՝ պաշտպանելով արդարութիւնը եւ ընկերային ծառայութիւնը նկատեց եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը։ Արդարեւ, ան իր օրինակելի համեստութեամբ եւ պարզութեամբ եղաւ «ժողովուրդի՛ն պապը»։
Արամ Ա. իր նամակին մէջ նաեւ կ՛անդրադառնայ Ֆրանսիս պապին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն քաջ կեցուածքին, ինչպէս նաեւ Արցախի հայութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան։