
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Բիւրոյի անդամ ու Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի հանդիպումներ ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս պատրիարքին եւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի հետ:
Հոգեւոր պետերը յաջողութիւն մաղթեցին ՀՅ Դաշնակցութեան նորընտիր Բիւրոյին:
Խօսակցութիւնները կեդրոնացան համահայկական հարցերու վրայ` շեշտելով Հայաստանի կացութիւնը, Արցախի ժողովուրդին Արցախ վերադարձի իրաւունքը, Սփիւռքի կազմակերպումը եւ Հայաստան-Սփիւռք միասնութեան անհրաժեշտութիւնը ու հաւաքական ճիգերով մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին դիմակալած մարտահրաւէրները:


Քննարկուեցան նաեւ շրջանային կացութիւնը եւ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն իրավիճակը:
Արծարծուեցաւ նաեւ Վատիկանի մէջ վերջերս Գրիգորեան համալսարանին մէջ կազմակերպուած համագումարին հարցը ատրպէյճանական նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ անօրէն կերպով բանտարկուած պատանդներուն եւ անոնց կեղծ դատավարութեան հարցերը: