ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- «Հիւրրիյէ»չ թերթը Հինգշաբթի, Մայիս 3ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Վագըֆներու (հիմնադրամներու) խորհուրդը մերժած է Կետիկփաշայի Հայ բողոքական եկեղեցւոյ վերադարձնել Թուզլայի ճամբարի հողամասը։ Խորհուրդը այս որոշումին յանգեցաւ՝ նկատի առնելով, որ Թուզլայի ճամբարը դուրս կը մնայ այն կանոնագրութենէն, որով պէտք է վերադարձուին կարգ մը փոքրամասնական կալուածներ, որովհետեւ անիկա երրորդ կողմի մը ծախուած է: «Եթէ այդպէս եղած չըլլար եւ մնացած ըլլար Վագըֆներու տնօրէնութեան սեփականատիրութեան տակ, այն ատեն թերեւս կարելի կ՛ըլլար զայն վերադարձնել», ըսուած է լրատուութեան մէջ։ Խորհուրդը որոշեց հատուցում վճարել 100 մեթր քառակուսի կալուածին համար, որ կը պատկանէր Կետիկփաշայի Հայ բողոքական եկեղեցւոյ։ Անշարժ գոյքի արժէքը եւ փոխհատուցման չափը պիտի որոշուի Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ:
Վագըֆներու խորհուրդը մերժեց նաեւ վերադարձնել Հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանող՝ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի շէնքը:
Միաժամանակ, որոշուած է Յոյն համայնքին վերադարձնել Գատըգիւղի Յունաց գերեզմանատունն ու Գալամըշի յունաց եկեղեցին։
Յիշեցնենք, թէ մերժուած էր վերադարձնել նաեւ Մալաթիոյ հայկական այն մանկատունը, ուր հասակ նետած էր Հրանդ Տինք: