ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Հրազդան» մարզական համալիրի լուսաւորման աշխատանքները ստանձնած է աշխարհահռչակ «Ճենըրըլ Էլեքթրիք» ընկերութիւնը, իսկ լուսատախտակներուն առնչուող աշխատանքները պիտի կատարէ այս մարզին մէջ նշանաւոր եղող «Շէնզէն Թօփլետ Օփթօթեք» ընկերութիւնը:
Հայաստանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան բազմիցս յայտարարած էր, որ «Հրազդան»ը կը պատրաստուի 2014 թուականին աշխարհի առաջնութեան ընտրական հանգրուանի կայանալիք Հայաստան-Իտալիա հանդիպումին: Հանդերձարաններու, հանրային տարածքներու եւ այլ ենթակառուցուածքներու նորոգութեան ու ՖԻՖԱի եւ ՈՒԵՖԱի չափանիշներուն համապատասխանեցման աշխատանքերուն զուգահեռ արդէն սկսած են նաեւ մարզադաշտի լուսաւորութեան եւ լուսատախտակներու աշխատանքերը: Ասոնք եւս միջազգային վերոնշեալ կառոյցներուն չափանիշներուն համեմատ պիտի ըլլան։
Լուսաւորութեան եւ լուսատախտակներու աշխատանքներուն սկսելէ առաջ ֆետերասիոնը մրցում յայտարարած է. լուսաւորութեան համար իրենց մասնակցութիւնը բերած էին հինգ ընկերութիւններ՝ «Ճենըրըլ էլեքթրիք Նովաթեք»ը, «Սայթքօ»ն, «Ֆիլիփս»ը, «Ճենըրըլ էլեքթրիք»ը, «Հելմպրեխթ եւ Իսահակեան կրուփը». յաղթողը եղած է «Ճենըրըլ էլեքթրիք»ը։ Իսկ լուսատախտակներու մրցումին մասնակցած են «Պարքօ», «Թեքնովիժըն Նովաթեք», «Ունիլումին», «Պինա» եւ «Շէնզէն Թօփլետ Օփթօթեք» ընկերութիւնները։ Վերջինս յաղթանակ ապահոված ու ստանձնած է աշխատանքները։
Լուսաւորութեան բարելաւման աշխատանքներուն ընդհանուր ծախսը կը կազմէ մօտ 550 հազար տոլար: Լուսատախտակի փոխարինման աշխատանքներուն գումարը 330 հազար տոլար է:
Այս մրցումներուն ընթացքին գնահատականներ կատարած են տուեալ մարզերու մասնագէտները, ինչպէս նաեւ նկատի առնուած են առաջարկուած ծառայութիւնները, ծախսերը եւ որակը։
Հայաստանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնի 10րդ տարեկան ժողովին, որ տեղի ունեցաւ 29 Ապրիլին Գիւմրիի մէջ ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան կրկին նշեց. «Յառաջիկայում մենք կ՛ունենանք այս փուլի համար ՖԻՖԱի եւ ՈՒԵՖԱի կողմից ներկայացուող պահանջներին համապատասխանող, իր ենթակառուցուածքներով միջազգային հանդիպումներ սպասարկելու պատրաստ, երկրպագուներին յարմար եւ, որ ամենակարեւորն է՝ մեր ազգային հաւաքականին պատշաճ, որակեալ մարզադաշտ»։