
ԱԹԷՆՔ.- «Մենք ենք մեր սարերը» ընդհանուր խորագիրը կրող Համազգայինի պարախումբերու տարեկան ելոյթը, Յունաստանի Համազգայինի երեք պարախումբերուն՝ «Նայիրի»ի, «Նանօր»ի եւ «Մարալօ»ի համար, երկար տարիներու աւանդ մը կը համարուի:
Անցեալի իրենց պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեանի ջանքերով, ապա նոյնինքն երիտասարդ պարողներու ղեկավարութեամբ կազմակերպուած այս աշխատանքը, սրահները կը լեցնէ հայկական շունչով եւ ոգիով, հայկական երիտասարդ տաղանդներով, երաժշտութեամբ ու պարով:
Այս տարի ներկայացուած համոյթը կը կրէ «Մենք ենք մեր սարերը» խորագիրը: Երեք երկսեռ պարախումբերը հանդէս կու գան հայկական ժողովրդային պարերով եւ յատուկ ներկայացումներով:
Համոյթի կազմակերպումը կատարած է Յունաստանի Շրջանային վարչութեան Համազգայինի պարի միաւորը: