
WBA-ի, WIBF-ի եւ WBO-ի կռփամարտի աղջկանց աշխարհի ախոյեան Սիւզի Քենթիքեան, իր յառաջիկայ ճակատումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 16 Մայիսին՝ Ֆրանքֆուրթի մէջ (Գերմանիա):
Նախորդ շաբաթավերջին յստակացաւ անոր մրցակիցը, որ ամերիկացի Մելիսա ՄըքՄըրօն է:
Ըստ մասնագէտներու, ախոյեանութեան տիտղոսը պաշտպանելու համար, Քենթիքեան ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ, մանաւանդ որ կը նկատուի այդ ճակատումին յաղթանակը կերտողը: Ան իր կատարած բոլոր 29 մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած է (16ը՝ «նաքաու»չով), մինչ ամերիկացին 12 խաղէն միայն վեցին յաղթանակ արձանագրած է: