
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայկական Ցեղասպանութեան 97ամեակին առիթով, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ քաղաքի ՀԵԴ «Վարագ» ուխտը, ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղը եւ Պըրպենքի երկրորդական վարժարանի Հայկական ակումբը կազմակերպած էին ոգեկոչման ձեռնարկ մը եւ մոմավառութեամբ հսկում մը, որոնք տեղի ունեցան Պըրպենքի քաղաքապետարանին մէջ եւ անոր առջեւ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին:
Ոգեկոչման ձեռնարկը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6ին, քաղաքապետական խորհուրդի ժողովին ընթացքին, առաջնորդութեամբ Պըրպենքի երկրորդական վարժարանի Հայկական ակումբէն Արվին Սեդաղայեանի. ընթացքին, նոյն ակումբէն Արազ Մաճնունեան եւ Նայիրա Մարգարատի կարդացին Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններ, ապա ցուցադրուեցաւ Հայկական ակումբին պատրաստած տեսաերիզը:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբէն Անեթ Քարկոտորեան ներկայացուց Ցեղասպանութեան ընթացքին Մարաշէն փախուստ տուած իր մեծ հօր պատմութիւնը եւ անոր դիմագրաւած տառապանքը:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ դրուատեց յատկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին մէջ երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը:
Ապա, Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդը վաւերացուց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որ ներկայացուցած էր քաղաքապետ Ճես Թալամանթեզի կողմէ:
Այս առիթով, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը հայկական եկեղեցիներու եւ պատմական Հայաստանի պատմական կոթողներու լուսանկարներու հաւաքածոյ մը նուիրեց քաղաքապետութեան:
Քաղաքապետարանէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկի աւարտին, աւելի քան 350 հոգի մասնակցեցաւ քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցած մոմավառութեամբ հսկումին, որուն հանդիսավարն էր ՀԵԴ «Վարագ» ուխտէն Դալար Գոսագեան:
Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ, որմէ ետք ՀԵԴ «Վարագ» ուխտէն Նայիրի Պալեան երգեց Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգները:

Ապա խօսք առին Անի Օվասափեան՝ Պըրպենքի երկրորդական վարժարանի Հայկական ակումբէն, ու Ռուբէն Գրիգորեան՝ ՀԵԴ «Վարագ» ուխտէն:
Հսկումին գլխաւոր բանախօսն էր Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի երկարամեայ գործիչ Ստեփան Պոյաճեան՝ շեշտելով Ցեղասպանութեան պատմութիւնը միշտ վառ պահելու եւ անոր զոհերը չմոռնալու կարեւորութիւնը:
Աւարտին, շրջանի ՀՅԴ պատանեկան «Կայծակ» մասնաճիւղի պատանիներու երգչախումբը ներկայացուց շարք մը երգեր:
«Եթէ անցեալի այս ջարդերը ցեղասպանութիւն չնկատենք, ապա ապագային կարելի պիտի չըլլայ նման արարքներու առաջքը առնել: Ոճիր մը անպատիժ ձգելը համազօր է ոճիրներու քաջալերման», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Քէշիշեան: