ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ուրբաթ, Մայիս 4ին, Նիւ Եորքի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կեդրոնի մուտքին, շրջանի հայ գաղութը խաղաղ ցոյց մը կատարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցելութեան առթիւ:
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Նիւ Եորքի «Ա. Գարօ» եւ Նիւ Ճըրզիի «Դրօ» կոմիտէութիւններուն, սոյն ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան յիսուն հայորդիներ, որոնք բռնած էին պաստառներ, իրենց մտահոգութիւնն ու դժգոհութիւնը կը փոխանցէին եւ արդարութիւն կը պահանջէին:
Պաստառներուն վրայ գրուած էին զանազան կարգախօսներ, հաստատումներ եւ բացատրողականներ, որոնց կարգին՝ «Ալիեւ՝ բռնապետ», «Ընդհատել Նախիջեւանի մշակութային քանդումը», «Շահումեանը կը պատկանի հայերուն» եւ այլն: Այս խաղաղ ցոյցին դիմաց խումբ մը թուրքեր եւ ազերիներ միասնաբար կատարեցին այլ՝ հակահայ ցոյց մը՝ ՄԱԿի կեդրոնի մուտքին միւս կողմը:
Նշենք, թէ Մայիս 1ին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը մէկ ամիսով ստանձնեց Ատրպէյճանը, եւ այս առթիւ Ալիեւ ժամանած էր Նիւ Եորք:
Կը սպասուի, որ նոյնինքն Ալիեւի նախագահութեամբ, յառաջիկայ շաբաթներուն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ բարձր մակարդակի բաց նիստ մը գումարուի: ՄԱԿի մօտ Ատրպէյճանի մնայուն ներկայացուցիչ Ակշին Մեհտիեւ յայտնած էր, թէ Պաքուի համար այս աննախընթաց իրադարձութիւնը պատմական մեծ նշանակութիւն ունի: