ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնները նախընտրական շրջանին համեմատաբար աշխոյժ եղած են Դիմատետր ընկերային ցանցին վրայ (Ֆէյսպուք)։ «Ֆէյսպուքը՝ նախընտրական հարթակ» հետազօտութեան երկրորդ հանգրուանի արդիւնքները (Ապրիլ 8 – Մայիս 4՝ քարոզարշաւ, Մայիս 6՝ ընտրութիւններու օր) ներկայացուցած է «Ռեգիոն» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն Լաուրա Բաղդասարեանը:
Այս ցանցին վրայ աշխուժութեան իմաստով առաջատար եղած է «Ժառանգութեան» անդամ Ստեօպա Սաֆարեանը, նաեւ ամէնէն աւելի երկխօսութիւն կատարած է ընթերոցներուն հետ: Անոր կը յաջորդեն Հանրապետական կուսակցութենէն Արմէն Աշոտեանը եւ ՀԱԿէն Լեւոն Զուրաբեանը:
Նիւթեր տեղադրելու իմաստով ամէնէն աշխոյժը եղած է Ստեօպա Սաֆարեանը, ապա՝ Զարուհի Փոստանջեանը, Կարապետ Ռուբինեանը եւ Արմէն Աշոտեանը: Ըստ հետազօտութեան, ամէնէն աշխոյժ ընթերցողներ ունեցած են Արմէն Աշոտեանը եւ ՀՅԴի պաշտօնական էջը:
Ինչ կը վերաբերի Դիմատետրին վրայ քաղաքական կուսակցութիւններուն կողմէ արծարծուած նիւթերուն, նկատելի է, որ Լ. Բաղդասարեան հիմնականօրէն քննարկած է քաղաքական ազատութիւնը, ընտրութիւններուն ընթացքը, ընտրական յանձնաժողովներուն գործունէութիւնը։ Այս մէկը լուսարձակի տակ առած են նաեւ ՀՅԴի ARF կայքէջը, ապա՝ Ստեօպա Սաֆարեանը եւ Զարուհի Փոստանջեանը: Իսկ ընկերային-տնտեսական նիւթերու մասին բոլորէն աւելի արտայայտուած են Հրանտ Բագրատեանը եւ Կարէն Աւագեանը:
Ըստ հետազօտութեան, ամէնէն քիչ արձագանգի արժանացած են բնապահպանական եւ մշակութային նիւթերը: