ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Մարիո»չ պանդոկներու միջազգային ցանցի Արեւելեան Եւրոպայի եկամուտներու կառավարման տնօրէն Սթիւ Հորուասը յայտնած է, որ «Մարիո»չը կրնայ Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը ընդարձակել եւ նոր պանդոկ բանալ։ Ան դիտել տուած է, որ նման քայլ մը երբեք բացառուած չէ, բայց պէտք է այդ մէկը իմաստ ունենայ։ «Պէտք է ուսումնասիրենք շուկան, նկատի առնենք պահանջքը, ապա որոշում տանք։ Միջազգային ցանց ըլլալով՝ «Մարիո»չը միշտ պատրաստ է Հայաստանի նման երկրի մը մէջ իր ներկայութիւնը աւելցնելու», վստահեցուցած է Հորուաս։ Ան ընդգծած է, որ նախ եւ առաջ պէտք է գործընկերներ ու համագործակցողներ գտնեն, ապա յստակ որոշում կայացնեն:
«Արմենիա Մարիոթ» պանդոկը Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղակայուած միջազգային միակ մակնիշային պանդոկն է: Անիկա ունի 226 սենեակներ, որմէ 11ը բարձրակարգ: