
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 Մայիսին մասնակցած է Շուշիի շրջանի Բերդաձորի ենթաշրջանի գիւղերու ազատագրութեան 20ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան։
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, նախագահ Սահակեան ծաղկեպսակ զետեղած է Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին զոհուած բերդաձորեցիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ, ինչպէս նաեւ խումբ մը ազատամարտիկներու մետալներ յանձնած է՝ մարտական գործողութիւններուն ընթացքին անոնց ցուցաբերած խիզախութեան համար։
Հանդիսութեան մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, պաշտօնատար անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ հիւրեր՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: