
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Երկիր»ի խնդրանքով՝ անդրադառնալով DIY ակումբի հրկիզման գծով ՀՅԴին ուղղուած մեղադրանքներուն, յայտնած է, որ որեւէ ձեւի բռնութիւն եւ անօրինականութիւն, անկախ այն իրականութենէն, թէ որո՛ւ կողմէ, որո՛ւ դէմ կը կատարուի, անընդունելի եւ դատապարտելի է ՀՅԴի համար: «Միեւնոյն ժամանակ, անբարոյական եւ նոյնքան դատապարտելի է միջադէպի քաղաքականացման այն երեւոյթը, որի ականատեսն ենք վերջին օրերին: Ասել ենք եւ մի վերջին անգամ կրկնում ենք՝ ՀՅ Դաշնակցութիւնը սոյն միջադէպի հետ որեւէ առնչութիւն չունի եւ չի ունեցել», հաստատած է Արմէն Ռուստամեանը (Այս մասին տե՛ս նաեւ Կիրօ Մանոյեանի անդրադարձը՝ էջ 10):
Ըստ անոր, ՀՅԴի պատգամաւորներուն կողմէ գործողութիւնը կատարողները բանտարկութենէն զերծ պահելու գծով կատարուած միջնորդութիւնը միայն անձնական երաշխիք մըն է, որ նախապէս ալ, տարբեր առիթներով իրականացած է։ Ռուստամեան դիտել տուած է, որ նման քայլի մը բուն նպատակը եղած է եւ է՛ այն, որ Հայաստանի մէջ դադրի այն դրութիւնը, որուն համաձայն, բանտարկութիւնը կը վերածուի խափանման միակ կամ հիմնական միջոցի։
«Եթէ այսքան յստակ յայտարարութիւնից յետոյ էլ շարունակուեն փորձերը՝ առնչելու Դաշնակցութեանը այս գործի հետ, ապա մենք հակուած կը լինենք մտածելու, որ դա ՀՅԴի անունը անհարկի շահարկելուն ուղղուած յստակ քաղաքական պատուէր է», նշած է Արմէն Ռուստամեանը: