ՓՐՈՎԻՏԸՆՍ.- 17 Մայիսին Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցչական տունը որդեգրեց բանաձեւ մը՝ պահանջելով, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, թէ Արցախի պետութիւնը հետեւողականօրէն կը գործէ իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն եւ շարունակ ճիգ կը թափէ միջազգային մակարդակի վրայ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ լուծման համար:
Այս յատուկ նիստին մասնակցելու համար Ուաշինկթընի իր կեդրոնատեղիէն ժամանած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, որ քուէարկութեան աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցիչներու տան՝ նման բանաձեւի որդեգրման համար: «Այս բանաձեւը կը քաջալերէ ազատ եւ անկախ Արցախի ցանկութիւնը եւ կը յուսամ որ, այս խորհրդարանի յանձնառու կեցուածքը՝ մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան սկզբունքներուն նկատմամբ, տիպար օրինակ մը դառնայ այլ խորհրդարաններու, Միացեալ Նահանգներու մէջ թէ այլուր», ըսաւ ան:
Նշենք, թէ ներկայացուցիչ Աւետիսեան յառաջիկայ քանի մը օրերուն պիտի շարունակէ իր հանդիպումները Ռոտ Այլընտի մէջ՝ Արցախի համար տնտեսական գործակցութեան ուղիներ գտնելու համար:
Այս բանաձեւի որդեգրման նիստին ներկայ էին բազմաթիւ հայորդիներ: Բացման խօսքի ընթացքին խորհրդարանի նախագահ՝ Կորտըն Ֆոքս, բարի գալուստ մաղթեց տեղւոյն գաղութի ներկայացուցիչներուն, որոնք ժամանած էին Ռոպերթ Աւետիսեանի հետ: Անոնց շարքին էին՝ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Անի Հարոյեան, Ռոտ Այլընտի Հայ մշակութային հաստատութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Տօնոյեան, Հայ երիտասարդաց միութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Աթթարեան եւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ Ստեփան Էլմասեան:
Նշենք նաեւ, որ միեւնոյն ժամանակ «Քեփիթըլ Հիլ»ի մէջ ծերակուտականներ Ճէյմս Լանժըվին եւ Տէյվիտ Սիսիլինի հանդէս եկան խօսքով մը՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախի ժողովուրդին: «Քսան տարի առաջ, Արցախի ժողովուրդը պայքարեցաւ եւ զոհուեցաւ իր անկախութիւնը վերականգնելու՝ ազերիներու ճնշումէն եւ խտրականութենէն: Կը միանամ Արցախի ժողովուրդին՝ ոգեկոչելու համար անկախութեան քսանամեակը, Հանրապետութեան Բանակի ստեղծումը, եւ Շուշիի ազատագրումը», ըսաւ Սիսիլինի: Իսկ Լանժըվին յայտնեց. «Փափաքս է, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին հասնինք առանց յաւելեալ զոհերու: Հիմնական է, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգները պահեն իրենց սկզբունքային դիրքորոշումը՝ շրջանի խաղաղութեան առնչութեամբ»:
Վերջերս քոնկրէսական Էտըմ Շիֆի առաջնորդութեամբ տարուած ջանքերուն շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Պետական եւ արտաքին գործողութիւններու յատկացումներու ենթայանձնախումբը վաւերացուցած էր առաջարկներ, որոնց շնորհիւ՝ Արցախի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը կրնայ երկու միլիոնէն հինգ միլիոն տոլարի բարձրանալ: