ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Էդուարդ Շարմազանով նշած է, որ 24 Մայիսին պիտի կայանայ ՀՀԿի գործադիր մարմինի նիստ, որմէ ետք պիտի որոշուի իշխանական նոր ձեւաչափը, ինչպէս նաեւ համամասնական ընտրակարգով Հանրապետական կուսակցութենէն պատգամաւոր եղողներուն ցանկը:
Շարմազանով չբացառեց, որ կարելի չըլլայ բոլոր հարցերուն լուծում գտնել այս նիստին ընթացքին՝ հաւանական նկատելով, որ այլ նիստ մը եւս գումարելու կարիք ըլլայ։
Նշենք, որ մամուլին մէջ շրջան ընող լուրերուն համաձայն, բանակցութիւններ ծաւալած են Հայաստանի Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւններուն միջեւ։ Հմայեակ Յովհաննիսեան նշած էր, թէ ԲՀԿի եւ ՀՀԿի միջեւ սկզբունքային համաձայնութիւն ձեռքբերուած է, սակայն կուսակցութիւններու պաշտօնական ներկայացուցիչները չեն հաստատած այդ տեղեկատուութիւնը: