
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Շիքակոյի մէջ կայացած ՆԱԹՕի գերաստիճանին համար Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ Երկուշաբթի, Մայիս 21ին մօտ կէս ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցած է նախագահ Պարաք Օպամայի հետ, շարք մը հարցերու կողքին՝ քննելով նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքները:
Ըստ թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութեան՝ Օպամայի հետ հանդիպումէն ետք Կիւլ լրագրողներուն ըսած է, թէ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ Հայաստանի եւ Կիպրոսի հետ, Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մասին՝ առանց մանրամասնելու զանոնք:
«Մենք բազմաթիւ առիթներով անդրադարձել ենք մեզի համար շատ կարեւոր այս հարցերուն: Մենք պէտք է յառաջընթաց ապահովենք այս հարցերուն գծով: Ամերիկայի նախագահը եւս կարեւոր կը համարէ այս երկու խնդիրներուն լուծումը», ըսած է Կիւլ, որ աւելցուցած է նաեւ, թէ քննուած է Սուրիոյ իրավիճակը եւս:
«Մարմարա» կ՛աւելցնէ, թէ Կիւլ դժգոհութիւն յայտնած է Օպամային, որովեհետեւ Թուրքիա տակաւին չէ ստացած անօդաչու օդանաւերը։ Ամերիկա չէ ուզած Թուրքիոյ վաճառել անօդաչու օդանաւեր, որոնք կը գործածուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ տարուած պայքարին ընթացքին։
Պատասխանելով Կիւլի գանգատին՝ Օպամա ըսած է. «Կը հասկնամ, որ պէտք ունիք անօդաչու օդանաւերու. մեր օրակարգին վրայ ալ կայ այս խնդիրը, բայց ասիկա խնդիր մը չէ, զոր առանձինս կրնամ լուծել։ Մեր դիմացը Քոնկրեսը կայ»։
Կիւլ օրակարգի վրայ դրած է նաեւ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ ցաւ յայտնելով, որ Ամերիկայի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները ցարդ կարելի չէ եղած հասցնել աւելի բարձր մակարդակի: «Թուրքիա շատ աւելի զօրաւոր տնտեսական յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ հետ, հակառակ անոր, որ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու ամէնէն մօտիկ գործակիցներէն մէկն է։ Այս կացութիւնը պէտք է փոխուի», ըսած է Կիւլ։