
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հանրապետական եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնները սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցած են նոր համաձայնական կառավարութեան կազմութեան շուրջ, իսկ ներկայիս կը խօսուի մանրամասնութիւններուն մասին։ Այս մասին 22 Մայիսին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի քաղաքագէտներու միութեան նախագահ, ԲՀԿի համամասնական ցանկի 9րդ դիրքը գրաւող Հմայեակ Յովհաննիսեանը:
Յովհաննիսեան, որ ԲՀԿի անդամ չէ, նշեց, թէ ինքզինք կը նկատէ «ԲՀԿ քաղաքական թիմի անդամ»:
«Այսօր, ըստ էութեան, խօսքը գնում է այն մասին, որպէսզի ճշգրտուեն պայմանները, եւ այստեղ է, որ այն մեկնաբանութիւնների տարբերութիւնը, որը արտաբերում են Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարները, ԲՀԿի ներկայացուցիչները, վերաբերւում է դետալներին, եւ, ըստ էութեան խօսքը, կարող է գնալ համաձայնագրի մասին… պարտադիր չէ, որ անուանակոչուի քոալիսիա, կարող է լինել եւ համաձայնագիր», նշեց Յովհաննիսեանը:
Անոր համաձայն, ներկայիս ՀՀԿն ու ԲՀԿն կը փորձեն համակարգել մօտեցումները յառաջիկայ հանգրուանի ամէնէն կարեւոր նիւթին՝ վարչապետի թեկնածութեան առնչութեամբ։
«ԲՀԿն, ի հարկէ, ցանկանում է, որպէսզի վարչապետի պաշտօնը տրուի ԲՀԿին, եւ դրանով իսկ ՀՀԿն անուղղակի ձեւով ընդունի, որ ընտրութիւնների պաշտօնական արդիւնքները չեն արտայայտում քաղաքական ուժերի ժողովրդի կողմից աջակցութեան իրական պատկերը, ուստի ՀՀԿն, դա գիտակցելով, այդ հարցում ընդառաջ է գնում ԲՀԿի պահանջին», դիտել տուաւ Յովհաննիսեան:
Յովհաննիսեանի համաձայն, եթէ ՀՀԿն չհամաձայնի վարչապետի աթոռի հարցով զիջում կատարել ԲՀԿին, հաւանական է, որ կառավարութեան մէջ ԲՀԿական նախարարներուն թիւը բարձրանայ, քանի որ ընտրութիւններուն արդիւնքով Ազգային ժողովին մէջ պէտք է աւելնայ ԲՀԿի ներկայութիւնը՝ 26էն հասնելով 37 պատգամաւորի:
Հայաստանի քաղաքագէտների միութեան նախագահը փոխանցեց, թէ ՀՀԿականները կ՛ուզեն իրենց հետ գործակցիլ, որպէսզի յառաջիկայ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն ԲՀԿն Սերժ Սարգսեանին աջակցի։ Պատասխանելով այն հարցումին, որ խորհրդարանին մէջ առանձինն մեծամասնութիւն կազմող ՀՀԿն ինչո՞ւ կ՛ուզէ ԲՀԿի աջակցութիւնը ունենալ նախագահական ընտրութիւններուն՝ Յովհաննիսեան ըսաւ. «ՀՀԿն երեւի թէ համոզուած չէ, որ ընտրութիւնների պաշտօնական արդիւնքները արտացոլում են իրական հանրային տրամադրութիւնները, եւ գուցէ համոզուած է ճիշդ հակառակում: Այդ դէպքում այդ անլիարժէքութեան բարդոյթը, որը բխում է այդ գիտակցումից, ստիպում է ՀՀԿին գնալ այդպիսի համագործակցութեան: Բացի դրանից ՀՀԿն գիտակցում է, որ նախագահական ընտրութիւնները հեշտ չեն կարող լինել, եթէ հաշուի առնեն, որ գոյութիւն ունի դժգոհութիւն՝ հասարակութեան մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքներից»:
Յիշեցնենք, որ ընտրութիւններէն ետք՝ 11 Մայիսին ընտրութիւններու հանրային վերահսկողութեան միջկուսակցական միասնական մարմինը, որուն մաս կը կազմէին ընդդիմադիր Հայ Ազգային Կոնգրեսը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ ԲՀԿն, հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 6 Մայիսին կայացած ընտրութիւններով կազմուած խորհրդարանը «չի արտացոլում ժողովրդի կողմից քաղաքական ուժերի աջակցութեան իրական պատկերը»:
Անդրադառնալով այս յայտարարութեան՝ Յովհաննիսեան ըսած է, թէ անիկա փաստօրէն վերջինն է նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւններու վերաբերեալ՝ աւելցնելով, որ անկէ ետք իրենք ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած են։ Ուստի, ըստ Յովհաննիսեանի, ՀՀԿի հետ համաձայնութիւն կնքելով՝ ԲՀԿն կ՛ուզէ դուրս գալ այս մարմինէն եւ յայտարարութեան տակէն վերցնել ԲՀԿի անդամ Վարդան Օսկանեանի ստորագրութիւնը:
«Այդ յայտարարութիւնից ինչ-որ ձեւով սահմանազատուելու խնդիրը կայ: Լաւագոյն ձեւը այն է, որ այն ԲՀԿական գործիչները, ովքեր միասնական շտաբի աշխատանքներին մասնակցել են, դուրս դրուեն թիմային աշխատանքից այս փուլում», դիտել տուաւ Յովհաննիսեան՝ աւելցնելով, որ չ՛ուզեր նախատեսութիւններ կատարել այն մասին, թէ Վարդան Օսկանեան ԲՀԿէն պիտի հեռանա՞յ, կամ ոչ։
Հմայեակ Յովհաննիսեանը նաեւ աւելցուց, թէ դեռ վերջնական որոշում չի կայացած իր պատգամաւորական աթոռը պահելու կամ անկէ հրաժարելու գծով։