ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Սպանիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը Հինգշաբթի, Մայիս 24ին, 3ի դէմ 36 քուէներով մերժած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որ ներկայացուած էր ձախակողմեան պասք ազգայնականներու կողմէ եւ կը վայելէր Միացեալ ձախ խմբակցութեան ու Պաքսերու ազգային կուսակցութեան աջակցութիւնը:
Սակայն, իշխող Ժողովրդային կուսակցութեան եւ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Ընկերվարական աշխատաւորական կուսակցութեան երեսփոխանները դէմ կեցած են բանաձեւին՝ պնդելով, թէ խորհրդարանը պէտք չէ պատմական հարցերով զբաղի, եւ թէ շեշտը պէտք է դնել Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու ջանքերուն վրայ:
Յիշեցնենք, թէ Սպանիոյ պասքերու ինքնավար շրջանը, Քաթալոնիան եւ շարք մը այլ քաղաքներ ու գաւառներ վաւերացուցած են Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւեր՝ կոչ ընելով կեդրոնական իշխանութեանց, որ նմանապէս ընդունին պատմական այս իրողութիւնը:
2010ին, Քաթալոնիոյ ձախակողմեան մէկ կուսակցութան կողմէ առաջադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման այլ բանաձեւ մը եւս ձախողութեան մատնուած էր: