
11 Մայիսին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ թատերա-երաժշտական ձեռնարկ մը՝ «Անդրադարձ՝ Հայաստանին» խորագիրով, որ նուիրուած էր հայկական գրատպութեան 500ամեակին: Ձեռնարկին նպատակն էր օտար երկիրներու կին պաշտօնեաներուն ծանօթացնել հայկական հարուստ մշակոյթը:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մասին տեսաերիզ ու գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, ապա տեղի ունեցաւ հայկական տարազներու ցուցադրութիւն: