ՓԱՐԻԶ.- Վերջերս Նիսի «Պարսամեան» սրահին մէջ նշուեցաւ «Հայ մշակութային օճախ» միութեան 40ամեակը: Միութիւնը տարիներ շարունակ կրցած է ապրեցնել հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը: Անիկա իր բեղուն գործունէութեամբ ջանք չէ խնայած պահպանելու հայկական աւանդոյթները, եւ իր առաքելութիւնը եղած է միշտ հայ հոգեւոր մշակութային ժառանգութիւնը փոխանցել ներկայ եւ գալիք սերունդներուն:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ երգիծաբան Վարդան Պետրոսեան: