
Ուքրանիան Յունիս 17ին պետական մակարդակով պիտի նշէ ականաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 195ամեակը:
Նախարարներու պալատին յանձնարարուած է երկշաբաթեայ ժամկէտի մէջ ստեղծել ձեռնարկի նախապատրաստման եւ իրականացման հարցերով կազմակերպչական կոմիտէ:
Ձեռնարկի ծիրէն ներս, երկրի թանգարաններուն եւ գրադարաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան ցուցահանդէսներ՝ նուիրուած արուեստագէտի կեանքին ու գործունէութեան:
Պետական «Ուքրփոս»չին յանձնարարուած է թողարկել տարեդարձին նուիրուած փոսթային նամականիշեր:
Յովհաննէս Այվազովսկի ծնած է 1817ին, Ղրիմի Թէօտոսիա քաղաքը, հայ առեւտրականի մը ընտանիքին մէջ: Աւարտած է ուքրանական Սիմֆերոփոլ քաղաքի «կիմնազիա»ն, իսկ հետագային ոսկէ մետալով՝ Ս. Փեթերզպուրկի Գեղարուեստի ակադեմիան: Եղած է Ռուսական կայսրութեան պատուաւոր ծովակալ, Ռուսիոյ կայսերական ակադեմիոյ անդամ. ան յայտնի է իր ծովանկարներով, որոնք կը կազմեն իր ստեղծագործութիւններուն աւելի քան կէսը: Մահացած է 5 Մայիս 1900ին: