
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սապանճը» եւ Միջին Եւրոպայի համալսարաններուն կողմէ գործակցաբար, Մայիս 22-23ին կազմակերպուած էր գիտաժողով մը, որուն ընթացքին երեք տարբեր նիւթերու մասին զեկուցումներ կատարուեցան՝ բազմաթիւ ակադեմականներու կողմէ։ Առաջին օրակարգը մասնաւորաբար կը քննարկէր պատերազմներու ընթացքին վիրաւորուած զինուորներու ու անոնց կիներուն հարցերը, իսկ երկրորդը՝ մասնաւորաբար կանգ կ՛առնէր սեռային բռնութեանց հարցերու վրայ։
Համագումարի երրորդ գլխաւոր նիւթը կ՛առնչուէր սեռային այն յարձակումներուն կամ բռնի ամուսնութիւններուն, որոնք գործադրուեցան հայ կիներու վրայ 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին ու անկէ ետք։ Ակադեմականներ քննարկեցին կնոջական սեռի վրայ Հայկական Ցեղասպանութեան ունեցած բախտորոշ դերը։
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն Տորիս Մելքոնեան խօսեցաւ հայ կիներու եւ այրերու դէմ ի գործ դրուած սեռային բռնութիւններուն մասին։ «Հակառակ անոր, որ Ցեղասպանութենէն ետք բռնաբարումը այլեւս սովորական դարձած էր, այս նիւթին մասին շատ քիչ ուսումնասիրութիւն կատարուած է», ըսաւ Մելքոնեան եւ աւելցուց, թէ Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն հետ կատարուած խօսակցութիւններու ընթացքին, անոնք այս նիւթը նախընտրած են մեղմ արտայայտութիւններով պատմել, կամ «վրան-գոց» արտայայտութիւններ ունենալ, ուստի մանրամասնութիւններ չկան այս խնդիրին շուրջ։ Ան դիտել տուաւ, որ գործադրուած սեռային սաստկութիւնները թէ՛ այր մարդոց, թէ կիներու համար ամօթի աղբիւր դարձած են. բոլոր այն այրերը, որոնց հետ խօսած են, չեն ուզած այս նիւթին մասին խօսիլ եւ կամ ըսած են, որ շատ դժուար է այս նիւթին մասին խօսիլը։ Իսկ կիները նախ կը մերժեն պատմել իրենց ապրածը, ապա նոյնիսկ եթէ ընդունին՝ կը պահանջեն, որ այդ պատմումը չարձանագրուի։ Այս լռութիւնը, ըստ Մելքոնեանի՝ շատ խորիմաստ է եւ ինքնին լեզու մըն է, որ պէտք է հարցաքննուի։ Այրերը ասիկա պատուոյ խնդիր կը նկատեն եւ միշտ ալ կը յիշեցնեն, թէ կիներու նկատմամբ կատարուած բռնաբարումներուն ընթացքին, նախայարձակները յաճախ գեղեցիկ աղջիկները կ՛ընտրէին իբրեւ զոհ։ Մելքոնեան պատմեց, թէ երբ կիները կը ստիպուին հրապարակաւ խօսելու այս նիւթին մասին, այն տպաւորութիւնը կ՛ունենան, որ երկրորդ անգամ մըն ալ բռնաբարումի կ՛ենթարկուին, ուստի կը նախընտրեն լուռ մնալ։ Ի վերջոյ թշնամիի հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցած ըլլալը կը նկատուի անիծեալ եղելութիւն մը։ Կիները այնպէս մը դաստիարակուած են, որ նմանօրինակ բռնաբարումի մը դիմաց՝ աւելի լաւ է, որ իրենք նահատակուին, այսինքն՝ վերջ տան իրենց կեանքին։ Իսկ այն աղջիկները, որոնք այդ ընտրութիւնը չեն ըրած, կ՛արտաքսուէին իրենց հաւաքականութենէն։
Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանի գիտաշխատող Աննա Ալեքսանեան, իր կարգին կանգ առաւ այն հայ կիներու հարցին վրայ, որոնք Ցեղասպանութեան յաջորդող շրջանին իսլամացած են։ Ան խօսեցաւ այդ մասին, թէ ի՛նչ աշխատանք տարուած է այդ հայ կիները վերստին հայացնելու ուղղութեամբ։
Ան պատմեց, թէ Ցեղասպանութենէն վերապրողները ընդհանրապէս կիներ եւ մանուկներ էին։ Հայերը եւ միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններ աշխատեցան վերապրողներ գտնելու համար։ Անոնց նպատակն էր այդ հայերը կրկին վերադարձնել իրենց հայկական ինքնութեան ու անոնց համար տեղ բանալ հայկական հաւաքականութեան մէջ։ Հայ հաւաքականութեան կարգ մը խմբակներ, սակայն, մերժեցին զանոնք ետ ընդունիլ եւ քննադատեցին զանոնք հայութեան վերադարձնելու աշխատանքները։ Այդ խմբակները կը պնդէին, որ այս կիները Ցեղասպանութեան շրջանին անբարոյական կեանք մը ապրած էին։ Այդ կիներն ալ, որոնք իրենց դէմ տանջանք եւ բռնաբարում գործադրողներու արիւնը կրող զաւակներ աշխարհ կը բերէին, ամօթի զգացումով կ՛ապրէին։ Հայոց եկեղեցին է, որ նեցուկ կանգնեցաւ այս կիներուն։ Միւս կողմէ, այն հայ կիները, որոնք ամուսնութեան տրուեցան արաբ պետեվիներու, շնորհակալ մնացին անոնց, որոնք իրենց կեանքը փրկած էին։ Անոնցմէ շատեր չէին գիտեր, որ տակաւին հայեր կ՛ապրէին աշխարհի վրայ։ Կիներէն շատեր արաբներէ, թուրքերէ եւ քիւրտերէ իրենց ունեցած զաւակները առնելով՝ չէին կրնար վերադառնալ իրենց համայնքները։ Այսինքն՝ անոնք երբե՛ք չկրցան վերադառնալ իրենց արմատներուն, որովհետեւ կ՛ամչնային։
Գանատայի «Քոնքորտիա» համալսարանէն Հուրիկ Ադդարեան պատմեց այն աշխատանքը, զոր տարած էր ինք Հալէպի բարեսիրական կեդրոնի ատենագրութիւններուն վրայ։ Ան բացատրեց, որ կիները Ցեղասպանութենէն ետք ստիպուեցան երկկողմանի կեանք մը ապրելու թուրքերու, քիւրտերու եւ արաբներու բնակարաններուն մէջ։
Հալէպի բարեսիրական հայկական կեդրոնը, 1920ին երիտասարդ կիներու միութեան ղեկավարութեան ներքեւ աշխատանքի սկսաւ։ «Այս կեդրոնի ատենագրութիւնները վերջ կը գտնեն 1928ին։ Թղթածրարներու մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կան անձերու անուններուն եւ բնակութիւններուն մասին։ Արձանագրուած է կիներու թրքական եւ հայկական անունները, թէ ուրկէ՞ եկած են անոնք, որո՞նց հետ ամուսնութեան տրուած են բռնի կերպով, ի՞նչ էր անոնց հայ ամուսիններուն եւ իրենց զաւակներուն անունները։ «Երբ այս բոլորը ուսումնասիրեցի, տեսայ, թէ ինչպէ՛ս հայ կիները երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը շպրտուած էին։ Ուսումնասիրեցի այս բոլոր փաստաթուղթերու տողերուն միջեւ չգրուածը, եւ այս տեսանկիւնէն մեկնելով՝ գրի առի Ցեղասպանութեան յուշերը», ըսաւ ան։
Իսլամացած հայ կիներու մասին ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Սապանճը» համալսարանէն Այշեկիւլ Ալթընայ։ Ան բացատրութիւններ տուաւ իսլամացած հայերու մասին տարուած իր աշխատանքին շուրջ եւ ըսաւ, թէ պատմութիւնը գրեթէ լռութիւն պահած է բռնի մահմետականացած հայ կիներու վերաբերեալ։ «Վերապրող հայեր որդեգրուեցան իսլամ ընտանիքներու կողմէ, կամ՝ ամուսնութեան տրուեցան. անոնք ստացան թրքական, քրտական եւ արաբական անուններ։ Կ՛ըսուի, որ երկու հարիւր հազար հայ կիներ կան՝ իսլամցած։ Հիմա ճշգրիտ թիւը չենք գիտեր, բայց կարելի է ըսել, որ կայ քանի մը միլիոն իսլամ թուրք, որ հայերու հետ ազգականութիւն ունեցած է։ Այս նիւթին շուրջ մեծ թիւով վկայութիւններ կան, բայց այս վկայութիւնները գիտական աշխատասիրութիւններու մէջ տեղ չեն գտած, որովհետեւ այս կիները պատմութեան կողմէ նկատուեցան այլեւս ոչնչացած հայկական հաւաքականութիւն», ըսաւ Ալթընայ եւ աւելցուց. «Հայ կիները միայն Հայկական Ցեղասպանութեան գրականութեան մէջ չէ որ գոյութիւն չունին, այլ գոյութիւն չունին նաեւ Ցեղասպանութենէն ետք։ Կիները, եթէ այր չունին, անտէր կը նկատուին եւ պէտք չէ զարմանալ, որ շատեր կիները կը նկատեն «ապրանք», եւ սեփականատիրութեան իրաւունք կը պնդեն»։ Ալթընայ ըսաւ նաեւ, որ վերջին տարիներուն ընթացքին կանանց իրաւանց պաշտպաններու կողմէ նոր քննարկումի նիւթ դարձաւ այս նիւթը։ Սակայն, ըստ անոր՝ խնդիր մը կայ հոս. հայերու՝ իսլամցած ընտանիքներու մէջ խառնուած ըլլալուն պատմութիւնը ոչ միայն ասպարէզ կը կարդայ ազգայնապաշտ շարժումներու, այլ նաեւ հետազօտիչներու առջեւ կը բանայ մեծ անորոշութիւն մը: Ալթընայ իր ելոյթի ընթացքին խօսեցաւ նաեւ «Թոռները» անունով իր գիրքին մասին՝ անկէ կարդալով հետեւեալ հատուածը, որ ասպարէզ կը կարդայ ազգայնապաշտներու. «Երբեմն, այն հաւաքոյթներու ընթացքին, որոնց կը մասնակցիմ, դէմ դիմաց կը մնամ անհաւատալի ազգայնապաշտութեան մը հետ եւ խոյս կու տամ հոնկէ։ Ասիկա երբեմն թրքական ազգայնապաշտութիւն է, երբեմն՝ քրտական։ Այն ատեն ես ալ անոնց «ես հայ եմ» կ՛ըսեմ։ Յիշեցէ՛ք թէ ինչե՜ր պատահեցան այս հողերուն վրայ։ Այլեւս ո՛չ մէկը զտարիւն քիւրտ կամ զտարիւն թուրք է»։