
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացները իրարու շաղկապելը կրնայ վնասակար ազդեցութիւն ունենալ երկու գործընթացներուն վրայ. Ուրբաթ, Յունիս 1ին այսպէս յայտարարած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆոր՝ Երեւանի պետական համալսարանի Եւրոպական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ուսանողներուն հետ հանդիպման ընթացքին:
Ան աւելցուց, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը դրական մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ՝ շեշտելով, թէ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է օժանդակելու այս խնդիրներուն մէջ վստահութեան կառուցման աշխատանքներուն:
Լեֆոր նաեւ շեշտեց, թէ Արցախի հարցը լուծելու նպատակով կազմուած ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ձեւաչափը փոխելը կրնայ մեծ վտանգներու առաջնորդել: «Քննարկումներ եղած են, թէ արդեօք պէ՞տք է Մինսկի խմբակին մէջ Ֆրանսան փոխարինել Եւրոմիութեամբ: Պէտք է յստակօրէն նշեմ, որ այդ մէկը մեր քաղաքականութիւնը չէ: Եւրոմիութիւնը չի կրնար ԵԱՀԿի փոխարէն որոշումներ կայացնել», ըսաւ ան:
Ան կրկնեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է օժանդակութիւն տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, սակայն չի կրնար հարցը լուծել կողմերուն փոխարէն: «Հակամարտութեան լուծումը պէտք է գայ կողմերէն եւ ոչ թէ դուրսի ուժերէն, քանի որ անոնք բոլորն ալ պիտի ձգտին հասնելու իրենց շահերու իրականացման», շեշտեց Եւրոմիութեան ներկայացուցիչը:
Անդրադառնալով սահմանին վրայ վերջերս նկատուող լարուածութեան՝ Լեֆոր շեշտեց, թէ որեւէ կեանքի կորուստ կը նպաստէ լարուածութեան խորացման եւ մեծ ողբերգութիւն է: Ան նշեց նաեւ, թէ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է նպաստելու սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան:
Վերջապէս, Լեֆոր ըսաւ, թէ կը փափաքի Արցախ այցելել, սակայն նման այցելութիւն մը կատարելու լիազօրութիւնը չունի: