ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ժառանգութիւն կուսակցութեան նորընտիր վարչութեան նիստին ընթացքին կուսակցութեան վարչութեան նախագահ ընտրուած է Րաֆֆի Յովհաննիսեան: Վարչութեան փոխնախագահ ընտրուած է Արմէն Մարտիրոսեան՝ հանրային քաղաքականութեան պատասխանատուութեամբ, իսկ Ստեփան Սաֆարեան ընտրուած է գլխաւոր քարտուղար՝ միջազգային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ պատասխանատուութեամբ:
Վարչութիւնը որոշած է «Ժառանգութեան» խորհրդարանական խմբակցութիւնը լիազօրել՝ վերսկսելու աշխատանքները Ազգային Ժողովին մէջ՝ Ռուբէն Յակոբեան խմբակցութեան ղեկավար եւ Զարուհի Փոստանջեան քարտուղար առաջարկելով:
Րաֆֆի Յովհաննիսեանի խորհրդարանական մասնակցութեան գծով որոշում պիտի տրուի Սեպտեմբերին ընթացք առնելիք Ազգային ժողովի նստաշրջանին ընդառաջ:
Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը 2 Յունիսին կայացած արտակարգ համագումարին ընթացքին ընտրած է նաեւ վարչութեան նոր կազմ: Քուէարկութեան մասնակցած է 132 պատուիրակ, որոնք ընտրած են 11 հոգիէ բաղկացած վարչութեան կազմը՝ հետեւեալ պատկերով. Անահիտ Բախշեան, Յովսէփ Խուրշուդեան, Արմէն Մարտիրոսեան, Ստեփան Սաֆարեան, Զարուհի Փոստանջեան, Մարգարիտ Յակոբեան, Րաֆֆի Յովհաննիսեան, Գագիկ Մարգարեան, Սուսաննա Մուրատեան եւ Լուսինէ Պետրոսեան: