
ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Աւելի քան 4000 քիւրտ եւ քրտամէտ գործիչներու ձերբակալութիւնները Հինգշաբթի, Յունիս 7ին շարունակուեցան, Վանի նահանգապետ Պեքիր Քայայի, ինչպէս նաեւ շրջանի շարք մը գաւառապետներու ձերբակալութեամբ: Նոյն օրը, խուզարկուած են նաեւ նահանգային խորհրդարանի եւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամներու բնակարանները: