ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի պետական քարիւղի «Սոքար» ընկերութիւնը որոշած է մօտաւորապէս 10 միլիառ տոլարի ներդրումներ կատարել Թուրքիոյ ուժանիւթի մարզէն ներս՝ աւելի ամրապնդելով երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական կապերը: «Սոքար» տնտեսական հարցերով փոխնախագահ Սուլէյման Կասիմով յայտարարած է, թէ գումարէն 5.5 միլիառ տոլար պիտի տրամադրուի Թուրքիոյ մէջ քարիւղի մշակման գործարանի մը շինարարութեան, 800 միլիոն տոլար՝ ելեկտրակայանի մը կառուցման, իսկ 2 միլիառ տոլար՝ «Փեթքիմ» բեռնարկղերու նաւահանգիստի շինարարութեան եւ զարգացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.