ՄԱԿ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Յունիս 7ին, ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով պատուիրակ Քոֆի Անան ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին առջեւ ելոյթ ունենալով դատապարտեց Սուրիոյ Հուլա եւ Քուպէյր քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած ջարդերը, առանց նշելու, թէ որո՞նց կողմէ գործադրուած են անոնք: Սակայն, ան աւելցուց, թէ կառավարութեան պարտականութիւնն է զսպել բռնարարքները: Ըստ կառավարութեան դէմ պայքարող ուժերուն, Քուպէյրի մէջ բանակայիններ առնուազն 78 հոգի սպաննած են, սակայն Դամասկոս հերքեց այն պնդումները, թէ ոճիրը բանակայիններուն կողմէ իրագործուած է: ՄԱԿի դէտեր Հինգշաբթի օր հասած են սպանդին վայրը, ուր անոնց վրայ դարձեալ զինեալ յարձակում մը տեղի ունեցած է՝ առանց մարդկային վնասներ պատճառելու:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մէջ կայացած եւ Սուրիոյ տագնապին նուիրուած 18 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի մը մասնակցած Միացեալ Նահանգներու արատքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն դարձեալ յայտարարեց, թէ նախագահ Պաշշատ Ասատ պէտք է իշխանութիւնը յանձնէ եւ հեռանայ Սուրիայէն, մինչ Չինաստանի մէջ կայացած Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովէն ետք, Ռուսիա, Չինաստան եւ Իրան յայտարարեցին, թէ դէմ են Սուրիոյ մէջ զինուորական արտաքին միջամտութեան:
Քլինթըն նաեւ մերժեց Սուրիոյ շուրջ Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ միջազգային ժողով մը գումարելու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կոչը՝ պնդելով, թէ Իրան Սուրիոյ տագնապին մաս կը կազմէ:
Մինչ այդ, սուրիական «Տունիա» կայանը Հինգշաբթի օր հաղորդեց, որ Թուրքիայէն Սուրիոյ Ճըսըր Շուղուր շրջանը ներթափանցելու փորձ մը ձախողութեան մատնուած է եւ 3 «ահաբեկիչներ» սպաննուած են:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի յօդուածագիր Տէյվիտ Իկնէյշըս կը գրէ, որ Անանի ծրագիրին յաջողութեան համար եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման իրագործելի քարտէս մը պատրաստելու համար, պէտք է ապահովել նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի գործակցութիւնը: Յօդուածագիրը կը նշէ, որ ստեղծուած փակուղիէն դուրս գալու նպատակով առաջադրուած ծրագիրի մը համաձայն՝ Ասատի յաջորդը ընտրելու համար նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի կատարուին եւ նոր սահմանադրութիւն պիտի որդեգրուի, մինչ Ասատ ապաստան պիտի գտնէ Ռուսիոյ մէջ: Իրան եւս Ասատի եւ անոր ընտանիքին ապաստան առաջարկած է:
Նշենք, որ Ասատ նոր կառավարութիւն մը կազմելու համար, Յունիս 6ին վարչապետ նշանակեց Ռիատ Ֆարիտ Հիճապը: